«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի բաժակի մրցումները սկսան անցեալ շաբաթավերջին:
Գ. կարգի խումբերուն գծով, Հայաստան շատ գեղեցիկ մրցում մը ունեցաւ Լաթվիոյ դէմ, «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ուր 12 հազար 500 համակիրներու ներկայութեան 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ:
Լոքոմոթիւ Մոսկուայի ձախ պաշտպան Նայիր Թիքնիզեան ձախ կողմէն յարձակում մը կազմակերպեց 6-րդ վայրկեանին եւ փոխանցում կատարեց Վահան Պիչախչեանի, որ անսխալ էր բերդին առջեւ եւ զօրաւոր հարուածով նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը:
Հազիւ 3 վայրկեան ետք, Կրասնոտարի երիտասարդ պաշտպան Գէորգի Յարութիւնեան Լաթվիոյ քոռնըրէն ետք սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Լաթվիոյ հաւասարութեան կոլը:
35-րդ վայրկեանին, Լաթվիոյ պաշտպանները բերդապահին հետ փոխանցումներ կը փոխանակուէին, երբ Հայաստանի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեանի ճնշումին տակ, կեդրոնի պաշտպան Տուպրա գնդակը զետեղեց իր բերդին մէջ… խաբելով բերդապահը: Արդիւնք` 2-1 ի նպաստ Հայաստանի: Հետաքրքրականը այն էր, որ ան թիւ 4 հագուած էր Յարութիւնեանի նման:
Բ. կիսախաղին, երբ պաշտպանները Լաթվիոյ բերդին առջեւէն կը փորձէին գնդակը հեռացնել Լուքաս Զելարայեան վոլէով նշանակեց 3-րդ կոլը: 51-րդ վայրկեանին Զելարայեան քիչ մնաց նշանակէր կոլ մը եւս, երբ մօտ 3 մեթր ետ էր եւ դաշտի կեդրոնէն նկատեց, թէ Լաթվիոյ բերդապահը քառակուսիին ծայրն է, եւ մօտ 55 մեթրէն երկար օդային հարուած մը ուղղեց, որ զսպուեցաւ մրցակիցի բերդին հորիզոնական ձողին կողմէ:
86-րդ վայրկեանին, Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանուի փոխանցումէն օգտուելով, Էտուարտ Սփերձեան կայծակնային արագութեամբ խուժեց քառակուսի եւ գնդակը զետեղեց Լաթվիոյ բերդին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի բոլոր մարզիկներն ալ լաւ ելոյթ ունեցան, մանաւանդ միջնապահ եւ յառաջապահ գիծի վրայ:
Դ. խմբակի այս մրցումէն ետք Հայաստան գրաւեց առաջին դիրքը` նկատի ունենալով, որ հիւսիսային Մակեդոնիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ֆարօ կղզիներուն հետ:
Վաղը, Սքոփյէի մէջ Հայաստանի ազգային խումբը հիւրը պիտի ըլլայ հիւսիսային Մակեդոնիոյ, մինչ Լաթվիա Ռիկայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները:
Ա. կարգի խումբերու մրցումներուն, առաջին խմբակին մէջ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր ասպարէզի 900-րդ կոլը նշանակեց Խրուաթիոյ դէմ մրցումին, որուն ընթացքին Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով յաղթեց:
Տալոթ եւ Ռոնալտօ նշանակեցին Փորթուգալի կոլերը, մինչ Խրուաթիոյ կոլը նշանակեց նոյնինքն Տալոթ` սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Ռոնալտոյի պաշտօնական 900-րդ կոլը պատմական էր` նկատի ունենալով, որ ան պատմութեան միակ ֆութպոլիստն է, որ հասաւ այդ թիւին: Պատմական հին թիւերուն հիման վրայ, բազմաթիւ ֆութպոլիստներ անցած են 900 կոլի սահմանը, սակայն ՖԻՖԱ-ի մօտ փաստ չկայ այդ թիւերուն առնչութեամբ, ինչպէս` մրցանիշ ունեցող Արթուր Ֆրիտընրայշի թիւը (1329 կոլ), փորձի թիւը (1279) եւ Ռոմարիոյի թիւը, երբ ան 2007-ին յայտնեց, թէ իր 1000-րդ կոլը նշանակած է:
Մինչեւ օրս տակաւին չէ փաստուած, թէ Ֆրիտընրայշ 450-էն աւելի պաշտօնական կոլ նշանակա՞ծ է, մինչ Փելէյի կոլերուն թիւը 762-ը չէ անցած:
Ռոնալտօ 900 կոլ նշանակած է, մինչ Լիոնել Մեսսի 838 կոլ նշանակած է: Անոնց կը յաջորդեն Փելէ (762), Ռոմարիօ (755), Ֆերենք Փուշքաշ (724), Եոզեֆ Պիքան (722), Ճեմի Ճոնզ (648), Ռոպերթ Լեվանտովսքի (635), Կերտ Միւլըր (634) եւ Ճօ Պեմպրիք (629):
Վերադառնալով Ազգային լիկայի Ա. խմբակի մրցումներուն, Լեհաստան 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ:
Բ. խմբակին մէջ Ֆրանսա իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Իտալիոյ դէմ մրցումին: Հակառակ անոր որ Պրատլի Պարքոլա մրցումի 13-րդ երկվայրկեանին նշանակեց Ֆրանսայի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը:
Ըստ երեւոյթին, Ինթեր Միլանի իտալացի մարզիկները մրցակից Ֆրանսայի եւ Ա. Սէ. Միլանի բերդապահ Մայք Մենիանի դէմ լարուածութիւն ունէին, եւ Ֆետերիքօ Տիմարքօ եւ Տաւիտէ Ֆրաթեզի կոլեր նշանակեցին:
Ճիաքոմօ Ռասփատորի նշանակեց Իտալիոյ 3-րդ կոլը: Ֆրանսացի միջնապահ գիծի սխալները շատ էին այս մրցումին` առիթ տալով Իտալիոյ մանաւանդ երկրորդ կիսախաղին տիրապետելու:
Առանց Ճորճինիոյի եւ վիրաւոր Պարելլայի, Իտալիոյ միջնապահ գիծը աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ` քիչ մը ոգեւորելով իր համակիրները ձախող Եուրոյէ մը ետք:
Նոյն խմբակին մէջ Պելճիքա 3-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Իսրայէլի դէմ:
Մրցումին 4 կոլերն ալ նշանակեցին պելճիքացիները: Քեւըն Տը Պրունյէ (2) եւ Եուրի Թիլըման նշանակեցին ճիշդ ուղղութեամբ, մինչ Թիմոթի Քաթանյէ գլխու հարուածով գնդակը զետեղեց իր բերդին մէջ:
Վերջին Եուրոյի հիւրընկալ Գերմանիա բաւական յաջող ելոյթ մը ունեցաւ եւ 5-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Հունգարիոյ դէմ:
Թոնի Քրուսի, Մանուէլ Նոյըրի, Թոմաս Միւլըրրի եւ Իլքայ Կիւնտողանի հեռանալէ ետք ազգային խումբէն, Փասքալ Կրոս, Քայ Հավերց, Ռոպերթ Անտրիշ, բերդապահ Մարք Անտրէ Թետ Շթեկըն եւ Ալեքսանտր Փաւլովիչ բաւական դիւրին անցուցին առաջին մրցումը, ուր յատկապէս փայլեցաւ Ֆլորիան Վերց, ժամալՄիւսիալա զոյգը, որ ծայրերէն շատ հանգիստ կը ճեղքէր` վտանգելով Հունգարիոյ բերդը մերթ իր փոխանցումներով, մերթ ալ անակնկալ հարուածներով:
Նիքլաս Ֆիւլքրուկ, Ժամալ Մուսիալա, Ֆլորիան Վերց, Ալեքսանտր Փաւլովիչ եւ Քայ Հովերց (փենալթիով) նշանակեցին Գերմանիոյ 5 անպատասխան կոլերը:
Մօտ 10 շաբաթ առաջ խումբերը մրցած էին իրար դէմ` Եուրոյին, ուր Գերմանիա 2-0 արդիւնքով յաղթած էր:
Նոյն խմբակին մէջ, Նետերլանտներ 5-2 արդիւնքով յաղթեց Պոսնիոյ:
Այնտհովընի մէջ այս մրցումին «Նարնջագոյնները» գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեցին, ուր Զիրքզի, Ռէյնտըրզ, Կաքփօ, Վեկհորսթ եւ Չափ Սիմոնզ նշանակեցին կոլերը:
Պոսնիոյ 2-րդ կոլը նշանակեց 38 տարեկան Էտըն Ճեքօ` փոխանցում մը ստանալէ ետք իր կէս տարիքը ունեցող Էսմիր Պայրաքթարեւիչէն, որ 5 վայրկեան առաջ դաշտ ներկայացած էր:
Վաղը, Ամսթերտամի մէջ, «Նարնջագոյնները» պիտի հիւրընկալեն Գերմանիան` «օրուան մրցում»-ին:
Ա. կարգի Դ. խմբակին մէջ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա չկրցաւ կոլ նշանակել Պելկրատի մէջ եւ ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտեց Սերպիոյ դէմ ճակատումը:
Նոյն խմբակէն, Դանիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զուիցերիան, որ Եուրոյի անակնկալ խումբերէն էր` հասնելով քառորդ աւարտական:
Տորկու եւ Հոյպերկ նշանակեցին Դանիոյ կոլերը, մինչ պաշտպան Նիքօ Էլվետի (Զուիցերիա) եւ միջնապահ Կրանիթ Չաքա (2 դեղին քարտեր) վտարուեցան դաշտէն, յաջորդաբար 52-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:
Ստորեւ` արդիւնքները
Ա. կարգ
Առաջին խմբակ
Սկովտիա – Լեհաստան 2-3
Փորթուգալ – Խրուաթիա 2-1
Երկրորդ խմբակ
Ֆրանսա – Իտալիա 1-3
Պելճիքա – Իսրայէլ 3-1
Երրոդ խմբակ
Գերմանիա – Հունգարիա 5-0
Նետերլանտներ – Պոսնիա 5-2
Չորրորդ խմբակ
Դանիա – Զուիցերիա 2-0
Սերպիա – Սպանիա 0-0
Բ. կարգ
Առաջին խմբակ
Վրաստան – Չեխիա 4-1
Ուքրանիա – Ալպանիա 1-2
Երկրորդ խմբակ
Յունաստան – Ֆինլանտա 3-0
Այիր – Անգլիա 0-2
Երրորդ խմբակ
Սլովենիա – Աւստրիա 1-1
Ղազախստան – Նորվեկիա 0-0
Չորրորդ խմբակ
Իսլանտա – Մոնթենեկրօ 2-0
Կալես – Թուրքիա 0-0
Գ. կարգ
Առաջին խմբակ
Ազրպէյճան – Շուէտ 1-3
Էսթոնիա – Սլովաքիա 0-1
Երկրորդ խմբակ
Քոսովօ – Ռումանիա 0-3
Լիթվանիա – Կիպրոս 0-1
Երրորդ խմբակ
Հիւսիսային Իրլանտա – Լիւքսեմպուրկ 2-0
Պիելոռուսիա – Պուլկարիա 0-0
Չորրորդ խմբակ
Հայաստան – Լաթվիա 4-1
Ֆարօ կղզիներ – Հիւսիսային Մակեդոնիա 1-1
Դ. կարգ
Առաջին խմբակ
Սան Մարինօ – Լիխթընշթայն 1-0
Բ. խմբակ
Մոլտովա – Մալթա 2-0