Պիելոռուս Արինա Սապալենքա (26 տարեկան) 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլային (թիւ 6), շահեցաւ իր ասպարէզի առաջին «Եու. Էս. Օփըն»-ի տիտղոսը:
Սապալենքա, որ աշխարհի թիւ 2 թենիսվումընն է, տարի մը առաջ աւարտականի հասած էր Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ եւ պարտուած ամերիկացի Քոքօ Կաֆէն: Ան կրցաւ շահիլ մրցումը` ձեռք ձգելով իր 3-րդ կրան շլեմի տիտղոսը` Աւստրալիոյ մէջ 2 տիտղոսներ շահելէ ետք, մինչ ասիկա Փեկուլայի առաջին աւարտական մրցումն էր կրան շլեմի գծով:
Դաշտը փակուած էր, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ սաստիկ անձրեւ կու գար, իսկ համակիրները գրեթէ ամբողջութեամբ կը քաջալերէին Փեկուլան:
Մրցումէն ետք Սապալենքա յաղթանակը նուիրեց իր ընտանիքին:
«Հայրս կորսնցնելէ ետք միշտ նպատակ ունէի ընտանիքիս անունը հասցնել բարձր մակարդակի: Ամէն անգամ, որ մականունս կը տեսնեմ մրցանակի կամ բաժակի վրայ, հպարտ կը զգամ ես ինձմով եւ իմ ընտանիքովս, որ միշտ քաջալերած է զիս երազս իրականացնելու: Կեանքիս մէջ առիթ ունէի հոս հասնելու եւ ասիկա շատ մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար», ըսաւ Արինա Սապալենքա մրցումէն ետք:
Տղոց աւարտական մրցումին հասան թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր (Իտալիա) եւ թիւ 12 Թէյլըր Ֆրից (Միացեալ Նահանգներ):
Սինըր, որ առաջին իտալացին կրնայ դառնալ, որ կը շահի «Եու. Էս. Օփըն»-ը (եթէ շահի անշուշտ), իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրիցը, որ կիսաւարտականին դուրս ձգեց իր ազգակից Ֆրանսիս Թիաֆոն, 4-6, 7-5, 4-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով, 3 ժամ 20 վայրկեան ետք:
Սինըր շատ աւելի դիւրին մրցում մը ունեցաւ կիսաւարտականին թիւ 25 դասուած Ճեք Տրէյփըրի դէմ (Բրիտանիա)` 7-5, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով, եւ մեծ յոյս ունի աւելի հեռանալու թենիսմեններու պարագլուխի դիրքին վրայ իր մրցակիցներէն` թիւ 2 Նովաք Ճոքովիչէն եւ Քարլոս Ալքարասէն, որոնք շաբաթ մը առաջ դուրս մնացած էին` դիւրացնելով իր ճամբան դէպի տիտղոս: