Ռէալ Մատրիտի եւ Վալենսիայի տարիներու բերդապահ Սանթիակօ Քանիզարես վերջերս պատասխանած էր պրազիլցի Վինիսիուսի մէկ խօսքին, թէ եթէ ցեղապաշտութեան հարցը չլուծուի Սպանիոյ մէջ, 2030-ի Մոնտիալը պէտք է տեղի ունենայ այլ տեղ եւ ոչ թէ` Սպանիոյ մէջ:
Վինիսիուս, որ քանի մը օր առաջ զարմացուցած էր իր այս խօսքով, 2 տարիէ ի վեր կը դժգոհի Ռէալ Մատրիտի մրցակից խումբի համակիրներէն` զանոնք կոչելով ցեղապաշտ:
Սպանացի բերդապահը յայտնեց, որ Սպանիոյ մէջ Վինիսիուսը չեն սիրեր ոչ թէ անոր մորթի գոյնին պատճառով, այլ որովհետեւ ան մրցակից խումբի շատ համակիրներ կ՛անարգէ: «Ասիկա Վինիսիուսի այս ձեւի առաջին յայտարարութիւնը չէ, ան նախապէս ըսած էր` «Մեսթալլան» (Վալենսիայի դաշտը) ցեղապաշտներու մարզադաշտ է: Հիմա նոյն սխալը կը կրկնէ», ըսաւ Քանիզարես:
«Հարցեր կան անոր հասունութեան վերաբերեալ: Ես անձամբ կ՛ուզեմ լսել Քարվախալի կամ ազգային խումբի մարզիչ տը Լաֆուենթէի կարծիքը», աւելցուց ան:
Նշենք, որ մեծ թիւով օտար մարզիկներ խաղցած են եւ կը խաղան Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ին մէջ, եւ ոչ մէկուն դէմ ցեղապաշտութեան վերաբերող հարցեր ստեղծուած են: