Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

September 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը, որուն անդամ է նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը, ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը զետեղուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքին վրայ:

Որոշումին մէջ կը նշուի.

«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան բանաձեւը`

«Ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ հայ բնակիչներու սպանութիւնները եւ այլ բռնութիւնները` ներառեալ խոշտանգումները,

«Ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական ղեկավարներու կալանաւորումը,

«Ճանչնալով 2023 թուականի սեպտեմբերին զանգուածային բռնութիւններու սպառնալիքի տակ Լեռնային Ղարաբաղէն 100.000 հայ բնակիչներու վտարումը,

«Ճանչնալով հակահայկական ատելութեան խօսքի եւ ցեղասպանական մտադրութիւններու պատմութիւնը, որ Ազրպէյճանի լրատուամիջոցները, քաղաքական, ռազմական եւ կրօնական ղեկավարները տարածած են,

«Ընդունելով, որ Ազրպէյճանը կալանաւորած է հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները, որոնցմէ ոմանց գտնուելու վայրերը տակաւին անյայտ են,

«Ճանչնալով, որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը,

«Ընդունելով 1988-1992 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրաքուէն` միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան կամ անկախ պետութիւն դառնալու նպատակով, որոնք երբեք միջազգային ճանաչում չեն ստացած,

«Ընդունելով, որ Ազրպէյճանը 2022 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբեր փակած էր Լաչինի միջանցքը` արգիլելով սնունդի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն` ստեղծելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ յանգեցուցած է թերսնման, սովէն մահուան եւ հոգեբանական վնասի,

«Յիշեցնելով 6 փետրուար 2023-ին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ Ազրպէյճանին կը պարտաւորեցնէր վերացնել Լաչինի միջանցքի փակումը,

«Յիշեցնելով նաեւ 2023 թուականի նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ կը պարտադրէր Ազրպէյճանին ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգ վերադարձը,

«Ճանչնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` 2023 թուականի փետրուարի եւ նոյեմբերի որոշումները չկատարելը,

«Ճանչնալով, որ Ազրպէյճանը 19-20 սեպտեմբեր 2023-ին ռմբակոծած է Լեռնային Ղարաբաղը` 200-էն աւելի զոհերու եւ 100.000 հայերու հարկադիր տեղահանման ելքով,

«Ընդունելով միջազգային մտահոգութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան հաւանական ներխուժման վերաբերեալ,

«Ընդունելով միջազգային իրաւաբաններու, ՄԱԿ-ի ներկայ եւ նախկին պաշտօնատարներու, այլ կազմակերպութիւններու եւ գիտնականներու կարծիքները` ցեղասպանութեան վտանգի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելու վերաբերեալ,

«Ճանչնալով, որ Ազրպէյճանը 1948 թուականի ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան մասին ուխտի անդամ է,

«Ճանչնալով, որ Ազրպէյճանը 1949 թուականի ժընեւեան չորս ուխտերու, 1954 թուականին Լա Հէյի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուխտի եւ 2006 թուականի Բռնի անհետացումներու դէմ բոլոր անձերու պաշտպանութեան ուխտի անդամ է,

«Ճանչնալով, որ Ազրպէյճանը Խոշտանգումներու դէմ 1984 թուականի ուխտի, ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման 1965 թուականի ուխտի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ միջազգային մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ պայմանագիրներու անդամ է,

«Ճանչնալով, որ Հայաստանը 1 փետրուար 2024-ին վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը` ընդունելով Միջազգային քրէական դատարանի իրաւասութիւնը:

«Հետեւաբար` Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը`

1- Կը յայտարարէ, որ 2022 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբեր Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, ներառեալ Լաչինի միջանցքի փակումը, կ՛որակէ իբրեւ ստեղծում կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի յանգեցնեն հայերու ֆիզիքական ոչնչացման կամ տեղւոյն հայերու ֆիզիքական վնաս պատճառելուն, որոնք ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտով կը նկատուին ցեղասպանական գործողութիւններ:

2 – Կը յայտարարէ, որ խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումը միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է:

3 – Կը յայտարարէ, որ հայ պատերազմական գերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու խոշտանգումը եւ սպանութիւնը միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է:

4 – Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները:

5 – Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` կատարելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները:

6 – Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` կանխարգիլելու հայերու իրաւունքներու հետագայ խախտումները:

7 – Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` կանխարգիլելու հայերու իրենց հայրենիքէն յաւելեալ տեղահանումները եւ յարգելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:

8 – Կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

9 – Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը:

10 – Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` երաշխաւորելու հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը:

11 – Կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ գործուած յանցագործութիւնները:

12 – Խորհուրդ կու տայ կիրարկելու անցումային արդարադատութեան քայլեր, որոնց շարքին` պատժամիջոցներ, Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ գործի քննութիւն:

13 – Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին կոչ կ՛ուղղէ` հետաքննելու յանցագործութիւնները:

14 – Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` զօրքերը դուրս բերելու Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը»:

Բանաձեւը որդեգրուած է 2 սեպտեմբեր 2024-ին:

Նախորդը

«Այն Երազները, Զորս Ոմանք Կը Տեսնեն Հայաստանի, Ներառեալ Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին Իրականութիւն Պիտի Չդառնան» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Օքամփօ Աշխարհասփիւռ Հայութեան Իր 2-րդ Բաց Նամակը Յղած Է

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.