Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Ընդունած Է ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէրը

September 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: Տարեկան  վեհաժողովը 22-24 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Քազանի մէջ:

«Պլումպըրկ» կայքը, վկայակոչելով աղբիւրները, նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիան ամիսներ առաջ դիմած է այդ կազմակերպութեան անդամակցութեան:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց կազմակերպութեան անդամակցութեան դիմումին մասին լուրը:

«Մեր նախագահը բազմիցս յայտնեց, որ կ՛ուզենք ՊՐԻՔՍ-ի անդամ դառնալ, հոլովոյթը այժմ ընթացքի մէջ է», ըսաւ Չելիք` աւելցնելով. «ՊՐԻՔՍ-ին մեր անդամակցութեան վերաբերեալ շօշափելի զարգացում արձանագրուելու պարագային, ինչպէս` անդամ երկիրներու կողմէ որոշում կամ գնահատական, զայն ձեզի պիտի յայտնենք»:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբերը նշեց, որ Էրտողան «յստակ կերպով յայտնեց, թէ Թուրքիան կ՛ուզէ բոլոր կարեւոր հարթակներուն, ներառեալ ՊՐԻՔՍ-ը մաս կազմել»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանօ 3 սեպտեմբերին յայտնեց, որ Թուրքիան, ինչպէս որեւէ այլ երկիր, իրաւունք ունի որոշելու, թէ միջազգային ո՛ր պլոքին կ՛ուզէ միանալ, սակայն Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու երկիր է, եւ իրենք կ՛ակնկալեն, որ անիկա պիտի հետեւի Եւրոպական Միութեան սկզբունքներուն:

Փեթեր Սթանօ նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու ՊՐԻՔՍ-ը բոլորովին տարբեր են իրենց նպատակներով, կառուցուածքով եւ ընդհանրապէս ամէն ինչով:

Չինաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած հինգ երկիրներու խումբը ընդլայնելու հոլովոյթ սկսած է: Ազրպէյճանը վերջերս պաշտօնապէս դիմած է այդ կազմակերպութեան անդամակցելու համար, եւ հաւանաբար Քազանի մէջ այդ առնչութեամբ որոշում տրուի:

Փեքին եւ Մոսկուա կը ձգտին ՊՐԻՔՍ-ը վերաձեւաւորել Արեւմուտքի դէմ դաշինքի:

Նախորդը

Պաքու Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Չքննադատելու Ազրպէյճանի Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Եւրոպայի Կանաչ Ուժանւիթի Մատակարար Դարձած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.