Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Եւ Առաջնորդը Արցախի Անկախութեան Առիթով Եռաբլուր Այցելեցին

September 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

33 տարի առաջ 2 սեպտեմբերը հռչակուեցաւ Արցախի Անկախութեան օր: Սակայն այս տարի այդ օրը կը նշուի Արցախէն հեռու: Առ այդ, այս առիթով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքերը զոհած  նուիրեալ քաջորդիներուն:

2 սեպտեմբերին իր դռները բաց պահեց Երեւանի մէջ գտնուող Արցախի ներկայացուցչութիւնը, ուր այցելեցին անձնաւորութիւններ, որոնք կը հաւատան Արցախի պետականութեան կերտման, այդ ճամբուն վրայ Արցախի կողքին էին եւ այսօր ալ կարեւոր կը նկատեն Արցախի պետականութեան պահպանումը:

Արդարեւ, հակառակ ամէն ինչի, արցախցիները տօնը կ՛արժեւորեն Արցախէն դուրս` իրենց հոգիներուն մէջ փայփայելով վերադարձի յոյսը:

Իսկ 1 սեպտեմբերի երեկոյեան խումբ մը երիտասարդներ լուռ հաւաք մը կատարեցին Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ` պահանջելով մոռացութեան չտալ Արցախը:

«Կասկադ»-ի վերի հատուածին մէջ` «Վերածնած Հայաստան» կոթողին մօտ, խումբ մը երիտասարդներ Արցախի Անկախութեան տօնին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հսկայական դրօշ մը ծածանեցին: Դրօշակին վրայ գրուած էր` «Աշխատենք միասին», «Դէպի յաղթական Հայաստան եւ Արցախ»:

Բագրատ Սրբազանը Նոյնպէս
Այցելեց Եռաբլուր

Արցախի Անկախութեան օրուան առիթով Եռաբլուր այցելեց նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդը` Բագրատ սրբազան, որ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Մենք որեւէ վայրկեան չենք կրնար հաշտ ըլլալ Արցախի կորուստին հետ, որովհետեւ ասիկա մեր գողցուած կենսագրութիւնն է. անկեղծօրէն ըսեմ, որ ամօթով կու գամ Եռաբլուր: Այդուհանդերձ, մեզի համար ասիկա ուխտի օր է, ոչ թէ սոսկ յիշատակելու, այլ` մենք մեզի յիշեցնելու: Այն, որ այսօր Արցախի կորուստը, ես կը հաւատամ` ժամանակաւորապէս, ուղղակիօրէն անպատուութիւն է մեզի համար, միաժամանակ` գողցուած ուրախութեան իրականութիւնը, ատիկա պէտք է մեզ մղէ պայքարի, հակառակ անոր որ աշխարհը ինչ կ՛ըսէ, կամ այս ներքին թշնամի իշխանութիւնը ի՛նչ կ՛ըսէ:

«Այն մարդիկը, որոնք արցախցիին հացը կերած են, այսօր ուրացած են: Եւ այո՛, պատասխանատուն ալ, մեղաւորն ալ, պատմութեան խարանն ալ, ներկայիս խարանն ալ, մեր գողցուած կենսագրութեան խարանն ալ Նիկոլ Փաշինեան երեւոյթի ճակատին է»:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մե՛նք, Ո՛չ Իրենք… Մե՛ր, Ո՛չ Թէ Իրե՛նց Սարերը

Յաջորդը

«Արցախն Անցեալ Չէ, Այն Պատմական Հայրենիք Է». Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.