2 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լուքա Տի Ճանֆրանչեսքոյի հետ:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Ազրպէյճանի եւ Իտալիոյ միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը: