Թուրքիան կրնայ Հայաստանի հետ սահմանը բանալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք: Այս մասին թրքական «Սապահ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Ֆիտանի համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի: Այս առումով թրքական կողմը դրական արդիւնքի պարագային պէտք է պատրաստէ սեփական բեմագրութիւնը, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին:
«Եթէ կարգաւորման հոլովոյթը աւարտի, մենք պիտի աշխուժացնենք դրական բեմագրութիւնը, այսինքն` կրնանք բանալ սահմանի վրայ մեր դարպասները», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:


