Կազմակերպութեամբ «Ռայզ էնտ Ռէյզ» ակումբին, կիրակի 28 յուլիսին, Նոթր Տամ Լուայզիին մէջ տեղի ունեցաւ տիւաթլոնի տարիքային մրցում մը, որուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին. մարզիկներուն կ՛ընկերակցէր ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ Կարպիս Աբգարեան:
Մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները արձանագրեցին պատուաբեր հետեւեալ արդիւնքները.
Ա. դիրք` Ռուբէն Թնկրեան
Բ. դիրք` Ռազմիկ Մազաքեան