«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերընս լիկ»-ին գծով յառաջաձգուած մրցումի մը, Փիւնիկ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Սթրուկային եւ հասաւ Գ. հանգրուան:
Փղոսկրեայ Ափունքի մարզիկ Սերժ Տեպլէ 16-րդ վայրկեանին նշանակեց Փիւնիկի առաջին կոլը, 45-րդ վայրկեանին Միխայիլ Քովալենքօ նշանակեց Փիւնիկի 2-րդ կոլը, որմէ հազիւ 3 վայրկեան ետք Պեզարթ Իպրայիմի կոլով մը փոխադարձեց:
Բ. կիսախաղին Փիւնիկ ճնշեց մրցակիցին վրայ, բայց Սթրուկա կը դիմանար, եւ կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի երկարաձգուի` նկատի ունենալով, որ երթին, Մակեդոնիոյ մէջ, Սթրուկա 2-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթական դուրս գալ:
Սակայն 96-րդ վայրկեանին, պրազիլցի Լուքաս Վիյելայի փոխանցումէն օգտուելով, նոյնինքն ռուս Քովալենքօ կրցաւ նշանակել Փիւնիկի յաղթանակի կոլը` ձեռք ձգելով Գ. հանգրուանի տոմսը:
«Այս յաղթանակը պատահական էր: Նախորդ խաղէն ետք ըսած էի, որ մրցակից խումբը աւելի մօտէն ճանչնալով աւելի դիւրին կ՛ըլլայ յաջորդ մրցումին համար աշխատիլը: Մեր խաղի ծրագիրը յաջողեցաւ: Բոլորովին նոր թաքթիքով խաղցանք: Մեր «փրեսինկը» (ճնշումով ֆութպոլը) շատ ճիշդ աշխատեցաւ, եւ յաջողեցանք», ըսաւ Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան:
Այսօր, Մալթայի մէջ, Նոա պիտի ըլլայ հիւրը Սլիմա Ուոնտըրըրզի:
Երթին, 7-0 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Աբովեանի դաշտին վրայ, Նոա շատ հանգիստ մրցում մը պիտի ունենայ Մալթայի մէջ, ժամը 20:00-ին:
Ժամը 18:00-ին, Արարատ Արմենիա Երեւանի Ակադեմիայի դաշտին վրայ հիւրընկալէ Մոլտովայի Ժիմպրու Քիշինեւը: Երթին, Մոլտովայի մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթական Արարատ-Արմենիա պիտի փորձէ կրկնել իր յաղթանակը:
Նոյն ժամուն, Ուրարտու իր դաշտին վրայ պիտի մրցի Չեխիոյ Պանիք Օսթրաւա խումբին դէմ, որ երթին իր դաշտին վրայ 5-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել հայկական ակումբին:
Յոյսով, որ Հայաստանի մէջ Ուրարտու աւելի դրական արդիւնք մը ձեռք ձգէ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուան հասաւ իր ակումբին` Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ:
Սլովան, որ Սլովաքիոյ ախոյեանն է, երթին Սլովենիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք Ցելիէ ակումբին հետ իր մրցումը, Սլովաքիոյ մէջ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սլովենիոյ ախոյեանը:
Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց մրցումի 5-րդ կոլը: