Էլինա Աւանեսեան աղջկանց թենիսի դասաւորման մէջ մեծ ոստում կատարելով բարձրացաւ 18 դիրք եւ գրաւեց արհեստավարժ թենիսի իր ամէնէն բարձր դիրքը` 58-րդ:
21 տարեկան Աւանեսեան, որուն ծնողները Արցախի առաջին պատերազմին (1992-ին) մեկնած էին Ռուսիա, այժմ կը բնակի Վալենսիա (Սպանիա) եւ այս տարի բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած է հասնելու Ռոլան Կարոսի Դ. հանգրուանին, ինչպէս նաեւ անցեալ շաբաթավերջին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի աւարտականին, ուր 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք ռուս մրցակից Միրա Անտէեւային, կորսնցուց 2-րդ սեթը նոյն արդիւնքով եւ վիրաւորուելով կիսատ ձգեց աւարտականի 3-րդ սեթը:
Նշենք, որ Անտէեւա իր կարգին 9 դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 23-րդ դիրքը:


