Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Շրջանը Կ՛ուղղուի Դէպի Երկրաշարժ, Եւ Չենք Գիտեր, Թէ Ինչպէ՛ս Պիտի Աւարտի Անիկա»

July 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ 17 կամ 18 տարի առաջ հանդիպում ունեցած է Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի հետ եւ անոր հարցուցած իմամ Մուսա Սատըրի մասին: «Ան ինծի ըսաւ, որ կ՛ուզէ վերջ տալ այդ թղթածրարին, եւ կը սիրէ Դիմադրութիւնը եւ պատրաստ է նիւթական կերպով անոր աջակցիլ, զէնքեր ղրկել եւ կը հաւնի սէյիտ Հասան Նասրալլան»:

Ան հերքեց, թէ տեղեկութիւններ ունի, որ Հանիպալ Քազզաֆիի մայրը լիբանանցի քաղաքագէտներու եւ անձնաւորութիւններու գումարներ տուած է Հանիպալ Քազզաֆիի ազատ արձակման դիմաց:

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Քոնկրեսին առջեւ արտասանած խօսքին` նախկին նախարարը հարց տուաւ. «Նեթանիահուն Քոնկրեսէն պատերազմը Լիբանանի մէջ ընդլայնելու եւ Ամերիկայէն զէնք ստանալու կանաչ լոյս ստացա՞ւ, եւ Կազայի մէջ զինադադարէն ետք պատերազմը շարունակելու կանաչ լոյսը ստացա՞ւ»:

«Շրջանը կ՛ուղղուի դէպի երկրաշարժ, որ այսօր կ՛ապրինք, եւ անոր յետցնցումները կրնան զօրանալ կամ տկարանալ, եւ կարելի չէ գիտնալ թէ երկրաշարժը ինչպէ՛ս կ՛աւարտի», յայտնեց ան:

Ուահապ ըսաւ, որ Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահի թեկնածութեան շուրջ համաձայնութիւնը աւելի շահաւոր է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի համար:

«Այժմ պահը նախագահի ընտրութեան պահը չէ, որովհետեւ Լիբանանի նախագահութիւնը ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն ձեռքն է, ուստի եւ սուրիացիներուն եւ սէուտցիներուն, եւ վճռորոշ խօսքը հարաւային Լիբանանի մէջ մարտադաշտինն է», նշեց ան` աւելցնելով. «Եթէ Լիբանանի Դիմադրութիւնը յաղթէ, պիտի օգտուի շարք մը ներքին ձեռքբերումներէ` սկսելով նախագահութենէն, քարիւղէն եւ այլ բաներէ, եւ Այսրյորդանանի մէջ լուծում պիտի ըլլայ»:

Նախորդը

Երեսփոխան Սալիմ Աուն Կը Բացառէ Հարաւային Լիբանանի Պատերազմի Ծիրի Ընդլայնումը

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Նախագահի Ընտրութեան Հարցով Հաղորդակցութիւններուն Մէջ Աննախադէպ Անշարժութիւն Կայ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.