Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ Հայաստանը Չ՛ընտրեր Այն Ուղին, Որ Ժամանակին Ընտրած Էր Ուքրանիան»

July 26, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հայաստանը կը նկատէ եղբայրական երկիր եւ յոյս ունի, որ իրենք չեն ընտրեր այն ուղին, որ ժամանակին ընտրած էր Ուքրանիան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Ան յայտարարած է, որ Քրեմլինի մէջ յարգանքով կը վերաբերին Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան ընդլայնման, սակայն յոյս ունին, որ անիկա պիտի չվնասէ Մոսկուայի հետ Երեւանի յարաբերութիւններու զարգացման:

«Մեր յոյսը Հայաստանի քաղաքական իմաստութիւնն է: Մենք յարգանքով կը վերաբերինք նման փնտռտուքներուն եւ չէինք ուզեր, որ այդ որոնումները կատարուին այն ձեւով, ինչպէս ժամանակին կատարած էր Քիեւի վարչակարգը, այսինքն` «կամ-կամ»-ի սկզբունքով: Քաղաքական տեսլականի այլընտրանքի բացակայութիւնը այն չէ, ինչ որ մենք կ՛ուզէինք տեսնել», ըսած է Փեսքով` անդրադառնալով Հայաստանին 10 միլիոն եւրոյի ռազմական-արհեստագիտական օգնութիւն տրամադրելու Եւրոպական Միութեան որոշումը:

«Հայաստանը գերիշխան երկիր է, ինք կ՛ընտրէ փոխադարձ գործակցութեան առաջնահերթ ուղիները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր դաշնակիցն է, եղբայրական երկիր: Մենք չէինք ուզեր, որ անոր փնտռտուքները տանէին այն ուղիով, որ ժամանակին ընտրած էր Քիեւի վարչակարգը», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

«Ռուսիան մտադիր է զարգացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները», յայտարարած է Փեսքով:

Նախորդը

Գրիգորեանն Ու Պոնոն Խօսած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Կարգաւորման Հոլովոյթին Մասին

Յաջորդը

Պելճիքայի Մէջ Իշխան Սաղաթէլեանի Քաղաքական Հանդիպումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.