Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ. Ատրպատականի Թեմ. Սալմաստի Երկրաշարժէն (1933թ.) Քաղցրութեամբ Համեմուած Տխուր Յիշատակ

April 18, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ – Ատրպատականի հայոց թեմի տարբեր քաղաքներուն մէջ այժմ ապրող սալմաստեցիներ տակաւին սրտի կսկիծով կը յիշեն 1933 թուականին պատահած այն աղէտալի երկրաշարժը, որուն զոհ գացած են բազմաթիւ հայեր: Մինչեւ այսօր ալ ցոյց կու տան երկրաշարժէն աւերուած շրջանները, որոնք այդպէս ալ ձգելով` վերապրողներ քաղաքի ուրիշ մէկ շրջանին մէջ կառուցած են իրենց բնակարանները եւ` նոր կեանքի հիմը դրած:

Բնիկ սալմաստեցի եւ Ազգային Առաջնորդարանի բարերար Համազասպ Ոսկանեանի Թաւրիզի բնակարանին մէջ պատէն կախուած պատմական մէկ լուսանկարի մասին է այս թղթակցութիւնը: Լուսանկարողն է հանգուցեալ Հայկ Աճեմեանը, (հանրածանօթ հասարակական գործիչ Ալպերթ Աճեմեանին մեծ հայրը), երկրաշարժէն անմիջապէս ետք աղէտահար շրջան այցելած թեմի քաջարի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանին փափաքով: Լուսանկարին մէջ, ծառին տակ կ՛երեւին նաեւ Ալոյի պատմական աղբիւրին աւերակները:

Առաջնորդ սրբազանը արտասուաթոր աչքերով նայելով համատարած աւերածութեան` կը տեսնէ կին մը, որ իր նորածին երկուորեակներուն եւ անչափահաս անդրանիկ զաւակին հետ նստած է աւերակներուն վրայ: Մօտենալով անոնց` կ՛իմանայ, թէ տան քաջ հայրը` Օհաննէս, իր ընտանիքին անդամները ազատելէ ետք փուլ եկող տունէն, վերջին վայրկեանին, անոր ծոծրակին հաստ գերան կ՛իյնայ: Այդպիսով ան կը մնայ աւերակներուն տակը եւ կը մահանայ: Սրբազանը լուսանկարել կու տայ որբեւայրիին ընտանիքը: Նոյն լուսանկարին աջ անկիւնը, իր մայրիկի թեւերուն մէջ գտնւող երկուորեակներէն մէկն է ազգային բարերար Համազասպ Ոսկանեանը:

Այսօր, Սալմաստի բլուրներէն մէկուն վրայ, հանքային տաշուած սեւ տապանաքարերով լեցուն գերեզմանատան մէջ կը հանգչին յանուն ընտանիքի իր կեանքը զոհած Օհաննէս Ոսկանեանին աճիւնները, բոլոր միւս անմեղ զոհերուն հետ: Իսկ  Համազասպ Ոսկանեան, ի շարս իր կատարած անցեալի բարերարութիւններուն, առաջնորդարանի բարեզարդման ի խնդիր, առաջնորդական գեղաքանդակ աթոռ նուիրեց թեմին` ի յիշատակ եւ յերախտագիտութիւն իր բազմաչարչար մայրիկին` Հայկանուշի:

Քաղցրութեամբ համեմուած այս տխուր յիշատակը դարուց դար կրկնուող մեր ժողովուրդի պատմութեան մէկ հարազատ պատկերն է: ժողովուրդի մը կեանքը, որ միշտ կ՛աւերուի, բայց յարութիւն կ՛առնէ, մոխիրներու տակէն դուրս եկող փիւնիկին նման…

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Ծանօթացումս Հայկական Սփիւռքին Հետ

Յաջորդը

Հարցազրոյց 2012 Թ. Խորհրդարանական Ընտրութիւններում ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակի 22-րդ Հորիզոնականը Զբաղեցնող, ԵՊԼՀ Որակի Ապահովման Կենտրոնի Ղեկավար Նուարդ Մանասեանի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.