Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաթուլին. «Հայաստան Կ՛անցնի Արեւմուտքի Թեւին Տակ, Ռուսիան Պէտք Է Խոր Եզրակացութիւններ Կատարէ»

July 20, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատելու համար Միացեալ Նահանգներու բանակի ներկայացուցիչի նշանակումը Մոսկուայի հետ կապերը խզելու ուղղութեամբ Երեւանի կողմէ հետեւողական քայլ է: Այս մասին ռուսական «Կազեթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին:

Ան մեկնաբանած է Քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուզրա Զէյայի` «Հետք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը, թէ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչ մը պիտի աշխատի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:

«Այն, ինչ որ նախապէս գաղտնի էր, այժմ բացայայտ է: Վստահ եմ, որ այս յայտարարութենէն առաջ ալ Փաշինեանի կառավարութիւնը Ռուսիոյ հետ զինուորական համագործակցութեան առնչուած ամէն ինչ յայտնած է Արեւմուտքի մէջ իր նոր գործընկերներուն: Հիմա ատիկա այլեւս չեն կրնար թաքցնել, եւ ինքնին ատոր առնչուած է պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտնուիլը:

«Ռուսիոյ սպառնացող վտանգը այն է, որ Փաշինեանի ներկայ իշխանութիւնը աշխուժ ջանքեր կը թափէ Հայաստանի քաղաքացիներու գիտակցութիւնը վերափոխելու եւ անոնց հաւատացնելու, որ Արեւմուտքը պիտի օգնէ իրենց, իսկ Ռուսիան իրենց թշնամին է: Հակառակ անոր որ ատիկա ուղղակիօրէն չ՛ըսուիր: Ինչ կը վերաբերի զինուորական ոլորտին մէջ ամերիկացիներու եւ Արեւմուտքի հետ ներկայիս համակարգման, ապա այս դաւաճանական ընթացքի ծիրին մէջ շատ հասկնալի են հետեւողական քայլերը` խզել կապերը Ռուսիոյ, յետխորհրդային տարածքին հետ եւ անցնիլ Արեւմուտքի թեւին տակ», ըսած է Զաթուլին:

Զաթուլին կը կարծէ, որ Ռուսիան պէտք է «խոր եզրակացութիւններ» կատարէ Հայաստանի որոշումին առնչուած: Անոր համաձայն, Մոսկուան, օրինակ, կրնայ զգուշացնել, որ պիտի դատապարտէ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ ցուցարարներու ճնշումները:

«Հիմա Հայաստանը կը գտնուի խաչմերուկի վրայ. հակառակ անոր որ Փաշինեանը մինչեւ 26 թուականը կը պահպանէ խորհրդարանական մեծամասնութեան կարելիութիւնը, մենք գիտենք Հայաստանի մէջ բողոքի շարժումներու մասին: Մենք կրնանք խստօրէն զգուշացնել, որ ցուցարարները ճնշելու ցանկութիւնը պիտի դատապարտուի մեր կողմէ եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ հետեւանքներ պիտի ունենայ», նշած է ռուս քաղաքական գործիչը:

Զաթուլինի կարծիքով, հետագային Հայաստանի ղեկավարութիւնը կրնայ բարձրացնել ռուսական 102-րդ ռազմակայանի հարցը:

Նախորդը

Անդրադառնալով Հայաստանին Սպառազինութեան Վաճառքին` Մաքրոն. «Շատ Բնական Է, Որ Դաշնակիցները Զիրար Կը Զինեն` Գերիշխան Տարածքը Պաշտպանելու Համար»

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Ապագան Կը Մտահոգէ, Երեւանը Կրնայ Ապակայունացնել Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը, Նաեւ Ի Վնաս Սեփական Անվտանգութեան»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.