Ազրպէյճան կը սրէ Ֆրանսայի հետ տագնապը` զայն բորբոքելով Խաղաղական ովկիանոսի, Քարիպեան աւազանին եւ Լատին Ամերիկայի ֆրանսական տարածքներուն մէջ, եւ անոր դրդապատճառը Փարիզի կողմէ Երեւանին զէնքի մատակարարումն է: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»-ը:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ Պաքուի նախաձեռնող խումբը, որ կապուած է Ազրպէյճանի կառավարութեան, կը քարոզէ դադրեցնել Փարիզի իշխանութիւնը անոր բազմաթիւ անդրծովեան շրջաններուն մէջ` անկախութեան կողմնակից գործիչներուն աջակցելով այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են Ֆրանսական Փոլինեզիան եւ Նոր Քալետոնիան:
«Այսօր ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ, թէ ֆրանսական պետութիւնը ի՛նչ կ՛ընէ այս գաղութացուած տարածքներուն մէջ», հարցազրոյցին մէջ ըսած է խումբի ղեկավար Ապպաս Ապասովը:
Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, ճակատումը, ըստ երեւոյթին, աւելի պիտի սրի, որովհետեւ Ֆրանսան, ուր կը բնակի մեծութեամբ երրորդ հայկական սփիւռքը, զէնքի մատակարարման համաձայնագիր ստորագրած է Երեւանի հետ:
«Կ՛ակնկալուի, որ Փարիզ պիտի պահպանէ Հայաստանին զինուորական աջակցութիւնը` անկախ նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նշանակած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն», կը կանխատեսէ յօդուածագիր Հենրի Մեյեր` յիշեցնելով, որ Ազրպէյճան ինք միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է զէնքի գնման վրայ` զայն ձեռք բերելով օտար ուժերէ` Թուրքիայէն, Իսրայէլէն եւ Ռուսիայէն, եւ ատիկա օգնած է Պաքուին 2020 թուականէն ի վեր երկու պատերազմ մղել Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
«Ազրպէյճան վրդոված է, որ Հայաստանը զէնք ստացած է Ֆրանսայէն եւ ատոր կտրուկ արձագանգած է», նշած է Պերլինի Քառնըկի ռուսական եւ եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոնի գիտաշխատող Զաուր Շիրիեւ:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ կացութեան սրումը տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական Միութեան` Ազրպէյճանէն կազի ներածումը կրկնապատկելու վերաբերեալ գործարքի իրականացման առնչուած խնդիրներու պայմաններուն մէջ, որովհետեւ դաշինքի երկիրները չեն ուզեր ֆինանսաւորել խողովակաշարերու ընդլայնումը եւ հաստատել երկարաժամկէտ համաձայնագիրներ:
«Եւրոպական Միութեան մէջ մեծ հակազդեցութիւն կայ այս գործարքին` կապուած հանածոյ վառելանիւթի եւ մարդու իրաւունքներու առնչութեամբ մտահոգութիւններու հետ», նշած է փորձագէտ Ֆուք Վին Նկուենը` Փարիզի «Ժաք Տըլոր» հիմնարկէն:
«Պլումպըրկ» կը յիշեցնէ, որ ապրիլին Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով դաշինքին կոչ կ՛ուղղէ` քննելու Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթային գործընկերութեան դադրեցման հարցը` այդ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու իրավիճակին պատճառով:
«Գոյութիւն ունի աշխարհաքաղաքական հարթութիւն: Չէք կրնար աչք փակել այն բոլորին վրայ, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այնտեղ», նշած է Նկուեն` մատնանշելով Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանեկան տոհմը եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ բազմիցս քննադատուած կացութիւնը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ վէճը վատագոյն կէտին հասած է Նոր Քալետոնիա արշիպեղագոսին մէջ, ուր Մաքրոնի իշխանութեան դէմ զանգուածային անկարգութիւններ սկիզբ առած էին վիճայարոյց օրինագիծի մը պատճառով: Ատոր պատճառով Նոր Քալետոնիոյ մէջ մայիսին քանի մը շաբաթ տեղի ունեցած էին բողոքի ցոյցեր, հրկիզումներ, թալան եւ անկարգութիւններ, որոնց ընթացքին որոշ ցուցարարներ կը ծածանէին ազրպէյճանական դրօշները: Ատկէ ետք Ֆրանսան Ազրպէյճանը մեղադրած էր «կրակի վրայ իւղ լեցնելու» եւ կացութիւնը բորբոքելու յանցանքով:
«Ազրպէյճանի գործողութիւնները ակնյայտօրէն բացասական են Ֆրանսայի համար: Ազրպէյճանցիները կը փորձեն Ֆրանսային ստիպել հրաժարիլ կամ նուազեցնել Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը», ըսած է պաշտօնատար մը, որ հարցի զգայնութեան պատճառով խօսած է անանունութեան պայմանով:
Յարաբերութիւններու վատթարացման մէկ այլ օրինակ էր այն, որ Ազրպէյճան դեկտեմբերին վտարած է երկու ֆրանսացի դիւանագէտ` յառաջացնելով համարժէք պատասխան: Բացի ատկէ, Ազրպէյճան լրտեսութեան մեղադրանքով ձերբակալած է Ֆրանսայէն գործարար մը, ինչպէս նաեւ կարգադրած փակել Պաքուի մէջ գտնուող ֆրանսական դպրոցը:
«Ֆրանսան Ազրպէյճանի վարմունքը կը նկատէ չափազանց անբարեացակամ եւ յարձակողական: Բայց եւ այնպէս, ան պիտի շարունակէ զինել Հայաստանը», նշած է Փարիզի Միջազգային յարաբերութիւններու ֆրանսական հիմնարկի փորձագէտ Տորոթի Շմիտ: