13 յուլիսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր նստավայրին մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտը:
Զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է շրջանային խաղաղութեան օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Ալիեւ հաւաստիացուցած է, թէ Ազրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ միաժամանակ հերթական անգամ նշած, որ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար կարեւոր է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, քանի որ այդպէս սահմանադրական հիմունքներով վերջ պիտի դրուի Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն:


