ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ: Ան այս մասին յայտարարած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Մենք իսկապէս յոյսով ենք, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի տայ իր պտուղները: Կը կարծեմ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ շարք մը երկկողմանի հարցերու լուծումը չափազանց դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ոչ միայն այդ երկիրներու, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին վրայ», ըսած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը` անդրադառնալով 10 յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ եռակողմ հանդիպումին:


