Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Պաղտասարեան:
Վարչապետը Իրանի նախագահին շնորհաւորած է ընտրութեան մէջ արձանագրած յաղթանակի առիթով եւ արդիւնաւէտ պաշտօնավարում մաղթած:
Զրուցակիցները վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը նախապէս միջպետական մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն:
Կողմերը համաձայնած են յառաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպիլ:
Միւս կողմէ, իրանցի քաղաքական վերլուծաբան, «Հայաստան-Իրան համագործակցութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի նախագահ Փույա Հոսէյնի յայտնած է, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փեզեշքեան Փաշինեանին ըսած է. «Մենք դէմ ենք միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան: