Շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած անհատական ախոյեանութեան մրցումները:
ՀՄԸՄ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս մրցումներուն: Հիփթաթլոնի (եօթը մարզաձեւեր) մրցումներուն, Զուլալ Պեզճեան գրաւեց 3-րդ դիրքը: