Այսօր գիշերուան ժամը 21:30-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ` Ողիմպիականի խաղերուն հասնելու համար:
Ազգային խումբը, որմէ կը բացակայի Լիբանանի եւ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժի, Վալենսիա մեկնած էր երէկ եւ այսօրուան մրցումէն ետք պիտի մրցի Անկոլայի դէմ հինգշաբթի օր ժամը 18:30-ին:
Նշենք, որ Լիբանանի աղջկանց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ կը մասնակցէր Ասիոյ բաժակի Բ. կարգի մրցումներուն, կիսաւարտականին 64-49 արդիւնքով յաղթած էր Իրանի:
Աւարտականին, Լիբանանի աղջիկները անգամ մը եւս իրենց դէմ ունեցան Ֆիլիփինը եւ 64-95 արդիւնքով անգամ մը եւս պարտուեցան` ձախողելով բարձրանալ Ա. կարգի խումբերուն: Նախապէս ալ, երբ երկու խումբերը նոյն խմբակին մաս կը կազմէին, Ֆիլիփին 89-63 արդիւնքով յաղթած էր Լիբանանի աղջկանց կազմին:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա շահեցաւ Լիպիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը Ահլի Թրիփոլիի հետ` դառնալով առաջին լիբանանցի մարզիչը, որ երեք տարբեր երկիրներու մէջ դարձած է ախոյեան. նախապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ալ ան ախոյեան դարձած է իբրեւ մարզիչ: