ՊԵՐՃ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Դաշնակցական պատանիին իրաւունքն է միութենական ու ազգային առողջ դաստիարակութիւն ստանալ, եւ որպէս դաշնակցական` մատղաշ տարիքէն սորվիլ դեր ունենալ հաւաքական կեանքին մէջ: Դաշնակցական պատանիին իրաւունքն է ճանչնալ ՀՅԴ-ի անցեալը, այլ խօսքով` լաւապէս զինուիլ ազգային եւ կուսակցական գիտելիքներով, դէպքերու ուղիէն անցնելով` կերտել իր նկարագիրը, գաղափարական մտածելակերպը: Դաշնակցական պատանիին իրաւունքն է մասնակցիլ բանակումնեու, սեմինարներու եւ դասախօսութիւններու, որպէսզի իր մտահորիզոնը առաւել եւս գաղափարական դաստիարակութեամբ զարգացնէ:
Տակաւին, մեր իրաւունքն է` այսօր Հայաստանի մէջ պատահած անընդունելի դէպքերու մասին արտայայտելու մեր կեցուածքները, մերժելու հող յանձնելու որոշումները, դէմ կանգնելու ոչ հայկական երեւոյթներուն եւ Հայաստանը քանդող աշխատանքներուն:
Սակայն իրաւունքին տէր կանգնելու համար պէտք է կատարել պարտաւորութիւններ ու ըլլալ ուժեղ, եւ մենք պատանի տարիքէն պէտք է գիտակցինք, որ մեր իրաւունքներուն դիմաց ունինք պարտաւորութիւններ` կարգապահութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարելու մեզի վստահուած աշխատանքները: