Արցախցի պատանին այսօր կը գտնուի թափառական եւ անկայուն վիճակի մէջ, զրկուած` շարք մը իրաւունքներէ: Արցախցի պատանիին իրաւունք է ապրիլ Արցախի մէջ, ուտել Արցախի ծիրանի ծառերէն, խմել Արցախի մաքուր ջուրէն, խաղալ Արցախի դաշտերուն մէջ եւ, ամէնէն կարեւորը, բնակիլ Արցախի հողերուն վրայ ու աղօթել Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցիին մէջ, որ հիմա դժբախտաբար անգութ ազերիներուն կողմէ կը քանդուի:
Այս բոլոր պարզ իրաւունքները խլուած են արցախցի պատանիներէն, ինչ որ անընդունելի է: Հարկ է նշել, որ արցախցի պատանին կ՛անցընէ մտային հարցեր, որովհետեւ չի գիտեր, թէ պիտի վերադառնա՞յ Արցախ, վայելէ՞ վերստին իր տաքուկ տունը, տեսնէ՞ «Մամիկն ու Պապիկը»:
Մենք վստահ ենք եւ յոյսով ենք, որ ազգը պիտի վերականգնի, եւ մենք տէր պիտի կանգնինք մեր պապենական Արցախին, եւ շուտով արցախցի պատանիին իրաւունքները պիտի ապահովուին:
«Իրաւունքը ուժն է միայն», եւ մեր պատանիներու իրաւունքներն ալ միայն ուժով կարելի է ապահովել, ինչպէս Վիգէն Զաքարեանը, Մհեր Ջուլհաճեանն ու Բեկորը օրին զէնքի ուժով Արցախը ազատագրեցին: