Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Իտալիա Դուրս Մնաց, Գերմանիա Հասաւ Քառորդ Աւարտական

July 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020-ի Եւրոպայի ախոյեան Իտալիա 2024-ի Եուրոյէն դուրս մնաց` 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Զուիցերիոյ դէմ մրցումին:

Զուիցերիա, որ 2020-ի Եուրոյին ալ Բ. հանգրուանին դուրս ձգած էր աշխարհի ախոյեան Ֆրանսան (փենալթիներով), գրեթէ ամբողջ մրցումին կրցաւ տիրապետել Իտալիոյ վրայ, որ առաջին կիսախաղին միայն մէկ անգամ առիթ ունեցաւ վտանգելու Զուիցերիոյ բերդը: Երկրորդ կիսախաղին Իտալիա աւելի լաւ էր, սակայն 9 հարուածներէն միայն մէկը ուղղուեցաւ Եան Զոմըրի բերդին ուղղութեամբ, մինչ առաջին կիսախաղին Իտալիոյ բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարոմա 2 վտանգաւոր առիթներ զսպեց: 37-րդ վայրկեանին Աուկզպուրկի միջնապահ Ռուպեն Վարկասի փոխանցումէն օգտուելով Ռեմօ Ֆրէօլըր նշանակեց Զուիցերիոյ առաջին կոլը: Ֆրէօլըր, որ Պոլոնիայի հետ լաւ տարեշրջան մը բոլորեց Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի մրցումներուն, Եուրոյի իր առաջին կոլը նշանակեց` նախապէս 2 էսիսթներ կատարելէ ետք:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած այս անգամ Վարկաս նշանակեց կոլ մը, Պոլոնիայի այլ մարզիկէ մը` Միշել Աէպիշըրէն փոխանցում մը ստանալէ ետք: 1993-էն ի վեր Զուիցերիա չէր կրցած յաղթել Իտալիոյ, եւ Պերլինի դաշտին վրայ շաբաթ օր 2006-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի յիշատակները` Տել Փիերոյի եւ Կրոսոյի կոլերուն, մնացին յիշատակ, առանց օգեւորելու իտալացիները, որոնք չկրցան մէկ կոլ իսկ նշանակել:

Վերջին մրցումին վերջին վայրկեանին Զաքանյիի կոլը, որ փրկած էր Իտալիան եւ դուրս ձգած Խրուաթիան, չօգնեց, եւ Իտալիա կանուխ լքեց այս մրցաշարքը: Նշենք, որ մրցումէն ետք Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց պահել մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթին մինչեւ 2026-ի Մոնտիալի աւարտը` նկատի ունենալով, որ 60 օր ետք արդէն իսկ կը սկսին զտումի մրցումները:

Օրուան յաջորդ մրցումին, Տորթմունտի մէջ, Գերմանիոյ ազգային խումբը իր համակիրներուն շատ հետաքրքրական եւ հաճելի մրցում մը հրամցուց եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Դանիոյ` հասնելու համար քառորդ աւարտական, 8 տարի հեռու մնալէ ետք այս հանգրուանէն, գլխաւոր մրցաշարքերու ընթացքին (Մոնտիալ կամ Եուրօ):

Մրցումը սկսաւ շատ արագ ձեւով, եւ Գերմանիա յաջորդական յարձակումներ կատարեց Դանիոյ բերդին վրայ, ուր Քասփըր Շմայքըլ անսխալ մրցում մը ունեցաւ:

4-րդ վայրկեանին, քոռնըրէ մը ետք, Նիքօ Շլոթերպեք գլխու հարուածով նշանակեց իր դաշտին վրայ (Տորթմունտի մարզիկ), սակայն այլ տեղ Քիմիչ ֆաուլ կատարած էր, եւ ՎԱՐ-ի թելադրանքով կոլը չեղեալ նկատուեցաւ:

3 վայրկեան ետք, այս անգամ Եոշուա Քիմիչ զօրաւոր հարուածով մը փորձեց նշանակել կոլ մը, սակայն Շմայքըլ զսպեց գնդակը դէպի քոռնըր: Նոյն քոռնըրէն, Շլոթերպեք գլխու հարուածով փորձեց նշանակել, սակայն բերդապահը անգամ մը եւս զսպեց առիթը:

10-րդ վայրկեանին, այս անգամ Քայ Հավերթց ձախ ոտքով փորձեց նշանակել կոլ մը, սակայն անգամ մը եւս բարդապահը զսպեց:

20-րդ վայրկեանէն ետք Դանիա սկսաւ յարձակումներ կատարել, եւ 24-րդ վայրկեանին Եոաքիմ Մաէհլէ ձախ կողմէն նեղ անկիւնէ փորձեց անակնկալի բերել Մանուէլ Նոյըրը, բայց գնդակը շատ շեղ էր:

36-րդ վայրկեանին, կլիմայական անակնկալ փոփոխութիւններէ ետք, զօրաւոր կայծակ եւ որոտումներ սկսան, եւ իրաւարարը ընդհատեց մրցումը` մարզիկներուն ապահովութեան համար: Փինկ փոնկի գնդակի չափով կարկուտ տեղաց դաշտը: 24 վայրկեան ետք մրցումը շարունակուեցաւ:

Մէկ վայրկեան անց, երկար փոխանցումէ մը ետք, Քայ Հավերթց գլխու զօրաւոր հարուած մը տուաւ, որ «սխալմամբ» զսպուեցաւ Շմայքըլի Կուրծքով:

45-րդ վայրկեանին, 6 անգամ փորձելէ ետք, Դանիա ի վերջոյ վտանգեց Նոյըրի բերդը, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռասմըս Հոյլունտի հարուածը վարպետօրէն զսպուեցաւ Նոյըրի կողմէ:

Անգլիացի իրաւարար Մայքըլ Օլիվըր սուլեց կիսախաղի աւարտը: Բ. կիսախաղին, Դանիա աւելի լաւ սկսաւ եւ 3-րդ վայրկեանին աջ յետսապահ Եոաքիմ Անտերսընի միջոցով կոլ ալ նշանակեց, սակայն ՎԱՐ-ը նկատած էր, թէ փոխանցումը չհասած Անտերսընի օֆսայտի դիրքի վրայ խմբակից մը կար, որ մասնակցած էր յարձակումին: Անտըրսընի չար բախտը հոս չաւարտեցաւ, իր կոլը չեղեալ նկատուելէն հազիւ վայրկեան մը ետք, գնդակը դպաւ իր ձեռքին եւ ՎԱՐ անմիջապէս նկատելով փենալթի մը շնորհեց Գերմանիոյ:

53-րդ վայրկեանին, Քայ Հավերթց ձախ անկիւնէն նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: 6 վայրկեան ետք, Հավերթց փոխանցում մը ստանալէ ետք, մրցակից մը խաբեց եւ Դանիոյ բերդին աջ սիւնին քովէն դուրս ղրկեց գնդակը, երբ առիթը ունէր 2-րդ կոլը նշանակելու:

66-րդ վայրկեանին, Հոյլունտ անգամ մը եւս չկրցաւ խաբել Նոյըրը, որ լաւ ձեւով զսպեց հարուածը:

68-րդ վայրկեանին, Շլոթերպեքի երկար փոխանցումէն ետք, Ժամալ Մուսիալա մտաւ քառակուսի եւ գեղեցիկ ձեւով աջ անկիւնէն գնդակը զետեղեց Շմայքըլի բերդին մէջ` նշանակելով 2-րդ կոլը:

92-րդ վայրկեանին, Ֆլորիան Վիրց, որ փոխարինած էր Մուսիալան, նշանակեց Գերմանիոյ 3-րդ կոլը, սակայն օֆսայտի դրօշը բարձրացաւ եւ կոլը չեղեալ նկատուեցաւ: Աւելի վստահ ըլլալու համար ՎԱՐ-ին դիմուեցաւ, որ հաստատեց իրաւարարին առաջին որոշումը: 95-րդ վայրկեանին Հավիրթց անգամ մը եւս առիթ ունէր կոլ նշանակելու, սակայն Շմայքըլ արգելք հանդսացաւ, մինչ իրաւարարը սուլեց մրցումի աւարտը:

Այսօր, ժամը 19:00-ին, Տիւսելտորֆի դաշտին վրայ, Ֆրանսա պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ: Վերջին երկու ճակատումներուն (2018-2021) Ֆրանսա յաջողած էր յաղթել Պելճիքային 1-0 եւ 3-2 արդիւնքով: Մրցումին իրաւարարն է շուէտացի Նայպերկ:

Աւելի ուշ, ժամը 22:00-ին, Փորթուգալ պիտի մրցի Սլովենիոյ դէմ: Երկու խումբերը պիտի մրցին պատմութեան մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով Ֆրանքֆորթի մէջ: Այս տարի 26 մարտին Սլովենիա Լիուպլիանցի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր:

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Էլլատա Ալավերտեան` Արծաթէ Մետալակիր

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

RelatedPosts

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին
Մարզական

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

January 16, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

January 16, 2026
Ուասլ.  Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.