Փոքր երկիրներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի անդամ Էլլատա Ալավերտեան 800 մեթր վազքի մրցումներուն 2-րդ դիրքը գրաւեց` շահելով արծաթէ մետալ:
Ալավերտեան 2:07.38 վայրկեան արդիւնք մը ձեռք ձգեց:
Հայ աթլեթի լաւագոյն արդիւնքը չէր ասիկա, սակայն ընդհանուր մթնոլորտին նայելով վատ ալ չէր:
Էլլատա Ալավերտեան, որ Փարիզի Ողիմպիականի մրցումներուն ալ կը պատրաստուի, ըսաւ. «Պատրաստութիւններու համար հաւաք կազմակերպելը եւ այլ երկիր ճամբորդելով մրցումի մասնակցիլը շատ յոգնեցուցիչ էր: Օդակայանը 5-էն 10 ժամ սպասելը, օրուան ընթացքին ալ 3-4 թռիչք կատարելը մարզիկներու համար բաւական դժուար է: Փարիզէն Ճիպրալթար մեկնիլը` այս մրցումներուն մասնակցելու համար, մեր ուժէն բաւական պակսեցուց, բայց ինծի համար լաւ ելոյթ էր: Մեր յաջորդ մրցումը Ողիմպիական խաղերն են, որոնց կը պատրաստուինք: Տակաւին յստակ չէ, թէ հաւաքականէն ո՛վ պիտի մասնակցի, եւ ես թեկնածուներու շարքին եմ»: