Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան Կը Ցանկայ Եւրոպական Միութեան Մաս Ըլլալ» Կ՛ըսէ Ալեն Սիմոնեան

June 28, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Լաթվիոյ մէջ «Ռուս Էլ. Էս. Էմ.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան կը ցանկայ Եւրոպական Միութեան մաս ըլլալ:

«Մեր հասարակութիւնը Եւրոպական Միութեան մաս ըլլալու որոշում ունի: Քանի մը օր առաջ մեր խորհրդարանին մէջ քննարկումներ կատարուեցան Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէ կայացնելու մասին: Կը կարծեմ, որ օր մը մօտ ապագային մենք պիտի ունենաք այդ հանրաքուէն, եւ վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ «Այո՛», ըսած է Սիմոնեան:

Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Լաթվիան կ՛աջակցի Հայաստանի եւրոպական ուղիին: Պաշտօնական Երեւանը յայտարարած է, որ հայերը ունին եւրոպական ձգտումներ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ «Հայաստան պատրաստ է մօտ գտնուելու Եւրոպական Միութեան այնքան, որքան Եւրոպական Միութիւնը ատիկա կարելի կը նկատէ»:

Ըստ Լաթվիոյ Խորհրդարանի Նախագահին. Հայաստան Դէպի
Եւրոպական Միութիւն Կ՛երթայ, Եւ Ատոր Համար
Կ՛ուզէ Լքել Ռուսիոյ Գլխաւորած ՀԱՊԿ–ն

Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը այն հիմնական նիւթերն են, որոնք երէկ Ռիկայի մէջ քննարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Լաթվիոյ իր պաշտօնակից Տայիկա Միերինայի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ լաթվիական «Ռուս.Էլ.Էս.Էմ» կայքը:

«Մենք խօսեցանք այն մասին, որ Հայաստանը դէպի Եւրոպական Միութիւն կ՛երթայ: Եւ ատոր համար ան կ՛ուզէ լքել Ռուսիոյ գլխաւորած ՀԱՊԿ-ն: Հայաստանը նաեւ մեզի տեղեկացուցած է, որ ռուս զինուորները աստիճանաբար կը հեռանան երկրէն», պատմած է Տայիկա Միերիան:

Ան աւելցուցած է, որ Լաթվիան կ՛աջակցի Հայաստանի դէպի Եւրոպա ուղիին: Սէյմի նախագահը նշած է, որ Հայաստանը կը տեսնէ ժողովրդավարական երկիրներու միասնական ընտանիքին մէջ:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Արցախի Բոլոր Կալանաւորուած Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Օ՛Պրայըն. «Մենք Ալիեւի Հետ Շատ Յստակ Ենք. Եկած Է Խաղաղութիւն Հաստատելու Ժամանակը»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.