Կ՛ողջունենք խաղաղութեան ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարուող աշխատանքները, կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` ի պատասխան «Լուրեր»-ու հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՞ս կը գնահատեն զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքանիզմ ստեղծելու հայկական կողմի առաջարկը:
«Մենք կ՛ողջունենք բարեխիղճ ջանքերը` ուղղուած լարուածութեան թուլացման եւ շրջանին մէջ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելուն: Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցելու հետագայ քայլերուն կողմերու համար օգտակար որեւէ ձեւով:
«Կողմերը վերջին տարուան ընթացքին նշանակալի յառաջընթաց ունեցած են: Մենք կը քաջալերենք կողմերը` պահը չփախցնելու, շարունակելու նախկին բանակցութիւնները եւ կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու համաձայնութիւն:
«Միացեալ Նահանգները յստակ փաստած են, որ այս տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կը կարծենք` շարունակուող բռնութիւնները կը խաթարեն տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ունեցած յառաջընթացը», նշած են դեսպանատունէն:
Ամերիկեան դեսպանատունը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրեն տեւական խաղաղութեան համաձայնագիր` ճանչնալով մէկզմէկու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:


