Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Փիթըր Սթանօ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ֆրանսայի հասցէին եւ հայ-ֆրանսական ռազմական համագործակցութեան ուղղուած մեղադրանքներուն ու սպառնալիքներուն ի պատասխան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան սեփական պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երկար տագնապէ ետք երկիրներու միջեւ վստահութեան ձեւաւորումը ժամանակ, ներողամտութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջէ:
Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին պատասխանելով Սթանօ վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու խաղաղութեան հոլովոյթին:
«Հայաստանի գերիշխան իրաւունքն է` ընտրել իր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործընկերները: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի հասնելու բոլոր ջանքերուն եւ կը խրախուսէ վճռական քայլերը` շրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», ըսած է Սթանօ: