Վաղը ժամը 16:00-ին Քաթալոնիոյ մէջ (Պարսելոնա) տեղի պիտի ունենայ այս տարեշրջանի 10-րդ կրան փրին: Այս տարի Ֆորմիւլա 1-ի պատմութեան ամէնէն երկար տարեշրջանն է, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան 24 կրան փրիներ:
Երէկ սկսան փորձերը, եւ առաջին փորձերուն, Մաքլարենի վարորդ Լանտօ Նորիս չնչին առաւելութեամբ ձեռք ձգեց լաւագոյն արդիւնքը` 0.024 երկվայրկեան աւելի արագ վերջին երեք տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափընէն:
Բրիտանացի վարորդը, որ Մայեմիի կրան փրին շահած էր անցեալ մայիսին, շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ Պարսելոնայի արեւոտ երկնքին տակ, մինչ Ֆեռարի սպանացի վարորդ Քարլոս Սայնց գրաւեց 3-րդ դիրքը` «բարելաւուած» Ֆեռարիով: Սայնց վերջին անգամ ըլլալով իր երկրին մէջ պիտի մասնակցի Ֆեռարիով:
Պէտք է նշենք, որ այս շաբաթավերջին Սպանիոյ կրան փրիին պիտի յաջորդէ Աւստրիոյ կրան փրին, ապա Բրիտանիոյ կրան փրին` յաջորդական 3 շաբաթներու վրայ:
Ուրեմն Քաթալոնիայէն ետք խումբերը կը մեկնին Աւստրիա` Ռետ Պուլի շրջավազք, ապա Սիլվըրսթոն` Բրիտանիա:
Պարսելոնայի շրջավազքը 4.657 քմ է եւ կ՛ընդգրկէ 66 շրջաններ:
2023-ին Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ) շահած էր փոլ փոզիշընը, իսկ յաջորդ օր` մրցումը:
54-րդ անգամ ըլլալով Սպանիոյ կրան փրին տեղի կ՛ունենայ Քաթալոնիոյ մէջ: Լուիս Համիլթըն 6 անգամ (2014, 2017, 2018, 2019, 2020 եւ 2021) շահած է այս կրան փրին` գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի նման:
Այժմու վարորդներէն Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (2006 եւ 2013) եւ Մաքս Վերշթափըն (2016, 2022 եւ 2023) շահած են Սպանիոյ մէջ:
Պէտք է նշենք, որ Վերշթափըն իր ասպարէզի առաջին կրան փրին Սպանիոյ մէջ շահած է (2016):
Քաթալոնիոյ շրջավազքի ախոյեանը վերջին 33 մրցումներուն 24-ն փոլ փոզիշընէն սկսած է մրցումը: Շրջավազքը ունի թէ՛ արագ եւ թէ՛ դանդաղ դարձուածքներ եւ 2 երկար ուղիղ ճամբաներ:
Միակ վարորդները, որոնք Պարսելոնայի մէջ շահած են առանց սկսելու առաջին երկու դիրքերէն, Շումախըրը (3-րդ դիրքէն, 1996-ին), Ալոնսոն (5-րդ դիրքէն, 2013-ին) եւ Վերշթափընն (4-րդ դիրքէն, 2016-ին) են:
Ալոնսօ եւ Քարլոս Սայնց միակ սպանացիներն են այս մրցումին: Մինչ Ֆեռարի ամէնէն յաջող խումբն է այս շրջավազքին վրայ` շահելով 8 մրցումներ Պարսելոնայի մէջ: 1951-էն ի վեր իտալական խումբը 12 անգամ շահած է Սպանիոյ մէջ:
Վերշթափըն ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 48 յաջորդական մրցումներէ ի վեր (մրցանիշ)` սկսելով մայիս 2022-էն Սպանիոյ մէջ, եւ վերջին մրցումէն` Մոնրէալէն ետք 56 կէտի առաւելութիւն մը ունի Շարլ Լըքլերի (Ֆեռարի) վրայ` 9 մրցումներէ ետք:
Վերշթափըն 6 կրան փրիներ շահեցաւ այս տարի, մինչ Ֆեռարիի վարորդ Սայնց Մելպուռնի մէջ շահեցաւ, Մաքլարենի վարորդ Լանտօ Նորիս` Մայեմիի մէջ, եւ Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր Մոնաքոյի մէջ:
Ֆեռարի միակ խումբն է, որ տարբեր վարորդներով շահեցաւ այս տարի: Համիլթըն 103 կրան փրիներ շահած է (մրցանիշ) իր մասնակցած 341 կրան փրիներուն մէջէն: Ան վերջին 54 մրցումներուն չէ կրցած որեւէ կրան փրի շահիլ 2021-էն ի վեր: