Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայ Ազգային Քոնկրեսին. 12 Յունիսին Կատարուածին Գլխաւոր Պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանի Վարչախումբն Է

June 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ Հայ ազգային քոնկրեսի, 12 յունիսին ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներուն նկատմամբ ուժի կիրարկման հետեւանքները ամէնէն լայնածաւալն էին 2008-ի մարտիմէկեան ողբերգութենէն ետք:

Հայ ազգային քոնկրեսը 12 յունիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն կապակցութեամբ մեղադրեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը:

«Կատարուածին գլխաւոր պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբն է, որ, օրինակարգութեան եւ ժողովուրդի վստահութեան սրընթաց անկման զուգահեռ, երկիրը կառավարելու իր գլխաւոր յենարանը կը նկատէ ուժային կառոյցները` Հայաստանի մէջ ոստիկանապետութիւն հաստատելու հեռանկարով», նշուած է  Հայ ազգային կոնկրեսի հաղորդագրութեան մեջ:

Կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, հաշուի առնելով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման զանգուածայնութիւնը եւ խաղաղ բնոյթը, սկիզբէն պարտաւոր էին հանդէս գալ երկխօսութեան եւ քաղաքական լուծումներ գտնելու նախաձեռնութեամբ: Փոխարէնը, ըստ Հայ ազգային քոնկրեսին, իշխանութիւնները մերժեցին շարժման առաջնորդներու` երկխօսելու բոլոր առաջարկները:

«Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր խումբը, ըստ այդմ, հերթական անգամ դրսեւորեցին ոչ թէ պատասխանատու պետական գործիչներու, այլ «փողոցային տղայական հասկացութիւններով» առաջնորդուողներու վարքագիծ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան կը շեշտուի, որ քանի դեռ մարտիմէկեան սպանդը ամբողջութեամբ բացայայտուած եւ դատապարտուած չէ, հայ հասարակութիւնը ապահովագրուած չէ անոր կրկնութենէն:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Յաջորդը

Իւանով. «Մոսկուան Կ՛ակնկալէ Մինչեւ Տարեվերջ Կապանի Մէջ Ընդհանուր Հիւպատոսութիւն Բանալ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.