Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Անդրադարձան Տիրող Իրավիճակին

Յունիս 15, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 յունիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանն ու Արթուր Խաչատրեանը տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան խորհրդարանական շաբթուան եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ այս իշխանութիւնը այլեւս ընելիք չունի: «Որքան ալ միջազգային կեդրոնները օգտագործելով այս իշխանութիւնները` կը փորձեն աչք փակել տեղի ունեցած զազրելի յանցագործութիւններուն վրայ, միեւնոյն է, արդարադատութիւնը պիտի հասնի իր նպատակին», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով պատգամաւորական աթոռներէն հրաժարելու հարցին` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այդ հարցը կայ ու իրենց օրակարգին վրայ է, բայց եւ այնպէս ոեւէ մէկը չի կրնար իրենց պարտադրել այդ գործողութեան դիմել: Ան նշեց, որ իրենք իրենց պատգամաւորական աթոռներէն հեռանալու քայլին կը դիմեն, երբ վստահ ըլլան, որ այս իշխանութիւնը այլեւս չի կրնար օգտագործել իր վարչական եւ նիւթական միջոցները` անգամ մը եւս վերարտադրուելու:

Արթուր Խաչատրեան ընդգծեց, որ Նիկոլ Փաշինեան անձամբ խոստովանած է, որ ինք հասունցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը: «Մարդը, որ կը յայտարարէ, որ ինք արդէն 2018 թուականին գիտէր, որ Ղարաբաղը չի կրնար ըլլալ Հայաստանի կազմին մէջ, իր` 2018-էն 2020 թուականի գործունէութիւնը միտուած եղած է իրավիճակը լարելուն, եւ Ազրպէյճանը ատիկա շատ նրբօրէն օգտագործած է», ըսաւ ան:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեան խոստովանեցաւ, թէ խաբած է ժողովուրդը: «Այնպէս որ, վերջին Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանը կրնայ ամբողջովին օգտագործուիլ ապագային դատական գործընթացներու ժամանակ», նշեց պատգամաւորը:

Արթուր Խաչատրեան շեշտեց, որ Փաշինեանի կերտած Հայաստանի առանցքը ո՛չ բանակն է, ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ մշակոյթը կամ կրթութիւնը, ո՛չ ալ հոգեւոր արժէքները, այլ` ոստիկանապետութիւնը:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ ընդգծեց, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը ո՛չ մէկ գրոհի մասին յայտարարութիւն կատարած է` շեշտելով, որ փորձ կը կատարուի ժողովուրդին խաղաղ անհնազանդութիւններով բարձրացուած պահանջները վերածել կեղծ քրէական գործերու: «Սահմանադրական կարգի տապալման մեղադրանք պէտք է դրուի գործող իշխանութեան նկատմամբ, քրէական հետապնդում պէտք է յարուցուի նոյնինքն Փաշինեանի, ուժային կառոյցներու այն ներկայացուցիչներուն հանդէպ, որոնք ապօրինի հրամաններ տուած են», շեշտեց ան:

Նիկոլ Փաշինեանն ինքնախոստովանական ցուցմունք տուած է` ինք հասունացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ ճեպազրոյցներու ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Առաջին Տեղակալ Վերմա Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Սաղաթէլեան. «Ակնյայտ Է, Որ ՀՅԴ-ն Թիրախաւորուած Է»

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?