Ռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին մէջ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ լոյս տեսնող «Ութրօ» ռուսալեզու ամսագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը:
«Մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման շարունակական հոլովոյթին, կը կարծենք, որ անիկա պէտք է ըլլայ կայուն, հաւասարակշռուած եւ փոխադարձաբար ընդունելի», ըսած է դիւանագէտը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ռուսական կողմը կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շարունակական հոլովոյթը, ներառեալ 10 եւ 11 մայիսին Ալմաթիի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները:
«Ասիկա քայլ մը եւս է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու համար», նշած է դեսպանը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հեռանկարներուն վերաբերեալ Եւտոքիմով ըսած է, որ ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Պաքուի քաղաքական կամքէն:
«Յոյսով եմ, որ ատիկա շուտով տեղի կ՛ունենայ», եզրափակած է Ռուսիոյ դեսպանը:


