Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդին. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ոստիկանական Բռնութիւնները Անպատուաբեր` Նաեւ Դիւանագիտական Անձնակազմին Համար

June 3, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ անցեալ ուրբաթ օր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցած եւ որեւէ ձեւով չարդարացուած ոստիկանական բռնութիւնները անպատուաբեր են ոչ միայն ներքին գործոց նախարարութեան համակարգին, այլեւ հայկական դիւանագիտական անձնակազմին համար: «Հայ դիւանագէտները երբեւէ սեփական ժողովուրդէն պաշտպանուելու կարիք չեն ունեցած: Դիւանագէտին կոչումն է սեփական ժողովուրդի շահերու պաշտպանութիւնը միջազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ: Մերը ծառայութիւն է եւ ոչ թէ սովորական դիւանակալական աշխատանք: Այսօր Հայաստանը արտաքին աշխարհի եւ շրջանային վտանգներու առջեւ կանգնած է անկախութեան շրջանի ամէնէն երերուն եւ անհաստատ դիրքով: Մենք կը ճանչնանք այս պահուն տակաւին իրենց պարտքը արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իրականացնող մեր գործընկերները եւ կը հասկնանք, թէ անոնք ինչպիսի՛ ծանր իրավիճակի մէջ կը գտնուին», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհուրդը դիւանագէտներուն կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու իրենց  կոչումին եւ յիշելու, որ իրենք ծառայութեան անցած են ոչ թէ իշխանութեան ղեկը պատահաբար ստանձնած եւ պետութեան շահին մասին որեւէ խորքային պատկերացում չունեցող խումբի, այլ` Հայաստանի ժողովուրդին մօտ:

«Ձեր այսօրուան ծառայութեան հետեւանքները պիտի կրեն Հայաստանի ապագայ սերունդները: Դուք պիտի կիսէք պատասխանատուութեան ձեր հսկայ բաժինը` հայ ժողովուրդին հետ կատարուած ու կատարուելիք ծանր իրադարձութիւններուն համար, որոնց պատճառը միանձնեայ ու ժողովուրդի թիկունքէն տրուած որոշումներն են` առանց հաշուի առնելու դիւանագիտական անձնակազմի մտահոգութիւններն ու նախազգուշացումները», կը յայտնէ Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը եւ խօսքը դարձեալ դիւանագիտական անձնակազմին ուղղելով կը նշէ. «Մի՛ վերցնէք ձեր վրայ պատասխանատուութիւնը այն քայլերուն, որոնց վրայ դուք իրականութեան մէջ որեւէ ազդեցութիւն չունիք: Իբրեւ  գործընկերներ կոչ կ՛ուղղենք ձեզի միանալու մեր ժողովուրդի պահանջներուն, որոնց կարեւորութիւնը դուք թերեւս ամէնէն լաւը կը հասկնաք, որպէսզի արդէն մօտ ապագային կարենանք միաւորել մեր ուժերը, փորձն ու գիտելիքը եւ Հայաստանը դուրս բերենք այս ծանրագոյն վիճակէն»:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Ընթացք Առաւ Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրը

Յաջորդը

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռ. «Վեհափառին Հետ Կապուած Նման Մտահոգիչ Դէպքերը Պէտք Չէ Կրկնուին»

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.