ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերուհիներէն`
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղը կը գուժէ իր անդամներէն
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին դերասաններէն
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին անդամներէն
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1956-ի շրջանաւարտներէն
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Նազարէթ Գարագաշեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Արտա Գարագաշեան
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Շարիս Գարագաշեան եւ զաւակը` Արամ
Տիար Վարագ Գարագաշեան
Տէր եւ տիկին Հրակ եւ Գարինա Գարագաշեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Արփի Արզումանեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Գամէր եւ Շաքէ Մինասեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Շուշիկ Էթիէմէզեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Օրիորդ Զարմիկ Արզումանեան
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Սեդա Սեմէրճեան եւ զաւակը` Էլիզապէթ
Տիար Յովսէփ Արզումանեան եւ զաւակունք
Տոքթորա Ատրինէ Գարագաշեան
Պապիկեան ընտանիք
Արզումանեան ընտանիք
Ենովքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 24 մայիս 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ
Կիրակի, 26 մայիս 2024-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրտաճարին մէջ պիտի մատուցուի եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի Հանրապետական մաղթանք (Գոհաբանական աղօթք) ու Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար:
Ապա, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն` Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` մասնակցելու Ս. պատարագին, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ