Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

13 Քոնկրեսականներ Փենթակոնի Ղեկավարին Կոչ Ուղղած Են Ուքրանիոյ Արտօնելու Ամերիկեան Զէնքով Հարուածել Ռուսիոյ Տարածքը

May 25, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 13 անդամներ դիմած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար` Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթինին` կոչ ուղղելով Ուքրանիոյ արտօնելու ամերիկեան զէնքով հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ տարածքին: Քոնկրեսականներուն կարծիքով` նման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է, որովհետեւ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ռազմաճակատի վրայ վիճակը զգալիօրէն վատթարացած է:

Նամակի հեղինակները կը պնդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պէտք է Ուքրանիոյ զինուորական ղեկավարութեան արտօնէ որեւէ գործողութիւն կատարել: Քոնկրեսականները նաեւ կոչ ուղղած են աւելի շատ ուքրանացի օդաչուներ վերապատրաստելու «ԷՖ-16» հալածիչներ վարելու համար եւ աւելի շատ օգնութիւն տրամադրելու Ուքրանիոյ:

Նամակը ստորագրած են 7 դեմոկրատականներ եւ վեց հանրապետականներ:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը 15 մայիսին գրած էր, որ Խարքովի ուղղութեամբ ռուսական զօրքերու յառաջխաղացման պատճառով Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէ արտօնել ամերիկեան զէնքով հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ տարածքին:

Օրաթերթին համաձայն, Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, եւ մատակարարուող զէնքերը նախատեսուած են բացառապէս «պաշտպանութեան, եւ ոչ թէ Ռուսիոյ տարածքին մէջ յարձակողական գործողութիւններու համար»:

Ամերիկեան իշխանութիւնները արդէն քանի մը անգամ արտայայտած են այս դիրքորոշումը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Բ. Դասակարգի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սփորթինկ Պքեննայա` 33-77

Յաջորդը

Զելենսքի Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Ուքրանիոյ Մէջ Ուժանիւթային Կացութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.