Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կայացած լսումներուն ատեն յայտարարեց, որ կ՛ուսումնասիրեն Հայաստանի շարք մը խնդրանքներ` որոշելու, թէ յաւելեալ ի՛նչ կրնան ընել Հայաստանին աջակցելու եւ անոր հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Ան յիշեցուց, որ շաբաթներ առաջ Պրիւքսելի մէջ իր, Հայաստանի վարչապետին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին մասնակցութեամբ կայացաւ եռակողմանի հանդիպում, որուն նպատակն էր պարզել, թէ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսել ինչպէ՛ս կրնան աջակցիլ Երեւանին շարք մը ոլորտներու մէջ:
«Եւ մենք յառաջ կ՛ընթանանք շարք մը տարբեր ոլորտներու մէջ», ըսաւ Պլինքըն` առանց մանրամասնութիւն տալու:
Նախարարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Երեւան ու Պաքու պիտի յաջողին համաձայնութեան հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Ճիմ Քոսթա յիշեցուց` Ալիեւի վարչակազմը բազմիցս խախտած է Հայաստանի հետ պայմանաւորուածութիւնները եւ պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: Խօսքը ուղղելով Պլինքընին` ան ըսաւ. «Ես եւ դուք կը տարբերինք այս հարցին մէջ. ես չեմ վստահիր Ազրպէյճանին»:
«Ինչպէս կ՛ըսեն` վստահէ, բայց ստուգէ», արձագանգեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:


