Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին – Փաշինեան Հանդիպում

Մայիս 10, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Շրջանին մէջ անվտանգութեան առնչուած հարցեր կան»:

Ան միեւնոյն ժամանակ մերժեց շրջանին մէջ անվտանգութեան առումով հարցերու մասին հրապարակաւ խօսիլ` աւելցնելով, որ բոլոր խնդիրները պիտի քննարկեն առանձին:

Փաշինեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: «Տնտեսական պլոքը արդէն քննարկած ենք ԵԱՏՄ-ի նիստի ժամանակ: Հիմա յոյս ունիմ, որ պիտի քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնները, կարեւոր խնդիրներն ու շրջանային հարցերը», ընդգծեց Փաշինեան:

Նշենք, որ Փաշինեան 8 մայիսին կը նախագահէր Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի 10-րդ նիստին:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փութին ըսած է. «Մեր բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար, այս միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութիւնը դրական է… ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ապա անոնք նոյնպէս շատ յաջող կը զարգանան»:

Ան նաեւ նշած է, որ ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը դրական է թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Հայաստանի համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան աճը շատ զգալի եղած է, եւ ատիկա մեծապէս պայմանաւորուած է դէպի մեզ հայկական արտածման յաւելման հետ»:

«Առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է աւելի քան 7 միլիառ տոլարի, մեր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ նման ծաւալ չէ եղած», ընդգծած է Փութին:

Մինչ հանդիպումը կ՛ընթանար, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ իսկապէս կան որոշակի դժուարութիւններ, սակայն անոնք պէտք չէ ուռճացուին, ասիկա բնական երեւոյթ է»:

Բացի ատկէ, ան նշեց, որ Ռուսիան բաւական լաւատեսօրէն տրամադրուած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Փեսքով, նախքան այդ, հանդիպումը «երկու կողմերուն համար անհրաժեշտ եւ սպասելի» որակած էր:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փութին-Փաշինեան բանակցութիւնները տեւած են մէկ ժամէն քիչ մը աւելի:

«Ռեկնում» հաղորդեց, որ Փեսքով երէկ յայտնած է, թէ Փութին եւ Փաշինեան համաձայնած են Հայաստանի շարք մը շրջաններէ ռուս զինուորներու եւ սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ:

«Փաշինեանը ըսած է, որ ներկայիս փոխուած պայմաններուն պատճառով Ռուսիոյ զինուորներու տեղակայման անհրաժեշտութիւն այլեւս չկայ: Ուստի նախագահ Փութինը համաձայնած է, եւ մեր զինուորներու, սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Փեսքով աւելցուցած է, որ Երեւանի խնդրանքով` ռուս սահմանապահները պիտի մնան Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմաններուն վրայ:

 

Նախորդը

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Յաջորդը

Հայաստան Կը Դադրեցնէ ՀԱՊԿ-ի Ֆինանսաւորումը

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?