Ռուս խաղաղապահները դուրս եկած են բռնագրաւեալ Արցախի Իւանեանի օդակայանի տարածքէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ երկաթուղային կայարանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժները կը բեռնաւորուին վակոններու մէջ` Ռուսիա փոխադրելու նպատակով: