Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 4-րդ Թիւը` Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած

Ապրիլ 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի ապրիլի թիւը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ճակատագիրի դաժան բերումով 21-րդ դարուն կը կրկնուին հայութեան համար հարիւրամեայ վաղեմութեան ողբերգական իրադարձութիւնները, արդարեւ, տեղի ունեցաւ Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը, ցեղասպան դրացիները կը փորձեն քայլ առ քայլ զրկել Հայաստանը ինքնիշխանութենէն: Պետականութեան պայմաններուն մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնը կարելի դարձաւ Հայաստանի դրածոյ իշխանութեան անուղղակի եւ ուղղակի աջակցութեամբ: Առկայ իրողութիւնները եւս լուսարձակի տակ կը բերուի «Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ:

Թիւին մէջ նիւթերու հեղինակները կարմիր թելի նման զուգահեռներ կը գծեն հարիւրամեայ ժամանակային հեռաւորութեամբ իրարմէ բաժնուող իրադարձութիւններուն` թրքական ցեղասպանական գործողութիւններուն եւ ձեռագիրի հարցին միջեւ:

Քաղաքագէտ Մարի Յովհաննիսեան կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութիւններու ժխտողականութեան խնդրին` ներկայացնելով այս երեւոյթը իբրեւ ցեղասպանութիւններու իրականացման գաղափարաքաղաքական բաղկացուցիչ եւ իբրեւ երեւոյթ, ինչ որ կը խրախուսէ եւ հիմք կը ծառայէ մարդկութեան դէմ ուղղուած այս ոճրագործութեան կրկնուելուն: Յօդուածին հեղինակը կը փաստէ, որ հայութեան դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ժխտման թէզերուն հիմնադիրը եղած է ու կը շարունակէ մնալ համիտեան վարչախումբը:

Թրքագէտ Մելինէ Անումեան կ՛անդրադառնայ 1919-1921 թուականներուն օրուան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած երիտթուրքերու դատավարութիւններուն, որոնց ընթացքին մեղադրեալներուն ուղղուեցան իրենց ցեղասպանական գործունէութիւնը բացայայտող ծանրակշիռ փաստեր, որոնք ապացուցուեցան երիտթուրք պարագլուխներու խոստովանութիւններով եւ անոնց ստորագրած հրամանագիրներու նոյնականացմամբ: Մեկնելով այս դատավարութեան վերաբերեալ հրապարակուած փաստերէն, ինչպէս նաեւ կայացուած դատավճիռներէն, Մելինէ Անումեանի համաձայն, ըստ էութեան, ինքնին այդ ժամանակ արդէն թրքական իշխանութիւնները ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէեւ միայն տասնամեակներ ետք միջազգայնօրէն պիտի բանաձեւուէր իրաւական այս եզրը:

Արցախցի լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեան` ներկայացնելով բռնագրաւուած Արցախի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող մշակութային վանտալութիւնը, կը հաստատէ, որ հայկական բռնագրաւեալ տարածքներուն վրայ տեղի կ՛ունենայ մշակութային ցեղասպանութիւն:

Պատմաբան Արմէն Կարապետեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ «Քրտերին հայոց բնաջնջմանը մասնակից դարձնելու համիտեան եւ երիտթուրքական քաղաքականութիւնը»: Յօդուածին հեղինակին համաձայն` բազմաթիւ փաստերով անհերքելի է այս երեւոյթը եւ, ինչպէս թուրքերը, նոյնպէս ալ քիւրտերն ու անոնց ժառանգորդները պարտաւոր են հաշուի նստիլ տուեալ իրողութեան հետ:

Պատմաբան Գոհար Խանումեան ընթերցողին կը ներկայացնէ «Նեմեսիս» գործողութեան մինչեւ վերջերս հանրութեան համար անյայտ անդամներէն մէկը` Ահարոն Սաչակլեանը:

Արուեստաբան Մովսէս Ծիրանիի ներկայացուցած ակնարկին խորագիրն է «Ցեղասպանութեան գեղարուեստական արձագանգները սփիւռքահայ կերպարուեստին մէջ»: Յուզիչ ու հետաքրքրական է անդրադառնալ  կեանքին ու գործունէութեան Ցեղասպանութեան ցաւը իրենց հոգիներուն մէջ կրող այն հայորդիներուն, որոնք իրենց արուեստով փորձեցին աշխարհին ներկայացնել հայոց մեծ ողբերգութիւնը:

«Դրօշակ»-ի 2024-ի չորրորդ թիւը կրնաք ընթերցել այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/04/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-4-2024%D5%A9..pdf

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիա Ուրացման Իր Քաղաքականութիւնը Կը Փորձէ Հայկական Դաշտ Ուղղել

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Դատապարտել Եւ Կանխել Շարունակուող Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?