Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայերը Պէտք Է Փոխեն Իրենց Սահմանադրութիւնը Եւ Հրաժարին Արարատը Իբրեւ Խորհրդանիշ Օգտագործելէ»

Ապրիլ 26, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 23 ապրիլին յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, հրաժարի Արարատ լեռը իբրեւ խորհրդանիշ օգտագործելէ եւ ցամաքային կապ ապահովէ Ազրպէյճանի արեւելեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ:

«Հայերը պէտք է փոխեն իրենց Սահմանադրութիւնը: Ես ասիկա կ՛ըսեմ ոչ թէ այն պատճառով, որ կ՛ուզեմ խառնուիլ այլ երկրի ներքին գործերուն, այլ որովհետեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ յիշատակուած է Անկախութեան հռչակագիրը, որուն մէջ ալ գրուած է, որ այսպէս կոչուած Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է: Ինչպէ՞ս մենք կրնանք խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել, երբ անոնք Սահմանադրութեան մէջ այդպիսի յիշատակում մը ունին: Այնպէս որ, երբ ես կ՛ըսեմ, թէ անոնք պէտք է փոխեն Սահմանադրութիւնը, ոչ թէ որովհետեւ ես կոպիտ եմ եւ ամբարտաւան, այլ որովհետեւ անիկա նախապայման է», յայտարարեց Ալիեւ:

Ան նշեց, որ, սակայն, ասիկա Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կատարուելիք միակ փոփոխութիւնը պէտք չէ ըլլայ:

«Կը կարծեմ` նոյնն է նաեւ ազգային խորհրդանիշի` Արարատ լերան պարագային», յայտարարեց Ալիեւ` օգտագործելով լերան թրքական անուանումը: «Անիկա պէտք է փոխուի: Անոնք Հայաստանի մէջ բազմաթիւ այլ լեռներ ունին, թող զանոնք պատկերեն»:

Ան նաեւ խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին` պնդելով, որ Երեւան պարտաւոր է կատարել եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը: «Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, ճիշդ է, 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը այդ բառակապակցութիւնը չի յիշատակեր, սակայն կ՛ըսուի, որ պէտք է երթեւեկի հաղորդակցութիւն ըլլայ Ազրպէյճանի արեւելեան հատուածին եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ, եւ Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութիւնը պէտք է վերահսկէ այդ ուղին: Անոր տակ ստորագրած են նախագահ Փութին, վարչապետ Փաշինեան եւ ես: Սակայն, այժմ Հայաստան արդէն աւելի քան երեք տարի է, որ կ՛ոտնահարէ այդ կէտը, բայց չէ՞ որ անոր տակ իրենք ստորագրած են: Այժմ անոնք կը փորձեն ազատիլ այդ կէտէն: Սակայն ատիկա անկարելի է», ըսաւ Ալիեւ` շարունակելով. «Անոնք կ՛արգելակեն Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ ցամաքային ուղիի կառուցումը: Ասիկա շատ հիասթափեցնող պահուածք է: Իսկ թէ ինչպէ՛ս ստորագրուած է եռակողմ յայտարարութիւնը` այլ պատմութիւն է, ի՛նչ պայմաններու մէջ ստորագրուած է` բոլորը գիտեն, բայց հոն Հայաստանի վարչապետին ստորագրութիւնը դրուած է, եւ զայն պէտք է յարգել»:

Ալիեւ առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանեց նաեւ Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի սահմանագիծին վրայ գտնուող չորս գիւղերու տարածքներուն` Ազրպէյճանի յանձնման գործընթացը` ընդգծելով, որ սահմանազատումը կարելի եղած է առանց որեւէ երրորդ կողմի միջամտութեան:

«Այժմ մեր սահմանին վրայ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ երբ մեզ առանձին կը ձգեն, եւ ոեւէ մէկը չի փափաքիր օգտագործել այս իրավիճակը իր քաղաքական յաւակնութիւններուն համար, մենք աւելի արագօրէն կրնանք համաձայնութեան գալ», պնդեց Ալիեւ:

Ան խօսեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ պահանջուող յաւելեալ չորս գիւղերուն` Եոխարի Ասքիփարայի, Բարխուդարլուի, Սոֆուլուի եւ Արարատի մարզի Տիգրանաշէնի (Քեարքիի) մասին: «Այդ միջերկրային գիւղերուն հարցը աւելի բարդ է, որովհետեւ անոնք շրջապատուած են այլ երկրի մը տարածքով: Անոնց հարցը պէտք է լուծուի սահմանագծման ընթացքին», ըսաւ Ալիեւ:

Դիմելով արեւմտեան փորձագէտներուն` ան նաեւ տեղեկացուց, որ մօտիկ ապագային կրնայ տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն իբրեւ կազմակերպիչ, բայց ոչ միջնորդ,  հանդէս պիտի գայ պաշտօնական Ասթանա: Ալիեւ նշեց, որ իրենց դիմած է Ղազախստանը` այդպիսի հանդիպում մը կազմակերպելու համար, եւ եթէ Հայաստան դրական պատասխան տայ, արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը հոն պիտի իրականանայ:

Խօսելով խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին` Ալիեւ պնդեց, որ անոր կնքումը այսօր աւելի քան իրական է: «Մենք այժմ ընդհանուր ըմբռնում ունինք, թէ ի՛նչ բովանդակութիւն պէտք է ունենայ խաղաղութեան համաձայնագիրը: Պարզապէս պէտք է մանրամասնութիւններու մշակման ուղղութեամբ աշխատիլ: Երկու կողմերուն ալ ժամանակ պէտք է: Ամէն պարագայի, կը կարծեմ, թէ Պաքու եւ Երեւան երբեք խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան այսքան մօտ չեն եղած», վստահեցուց Ալիեւ:

Ամիրպեքով. «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը,
Որուն Մէջ Կ՛ըսուի, Որ Ղարաբաղը Հայաստանի Մաս Է,
Անհամատեղելի Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Հետ»

Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է 23 ապրիլին Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան ու Ազրպէյճան առաւել քան երբեւէ մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման:

Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան ձեռքբերման համար միւս խոչընդոտները պէտք է վերցուին:

«Առաջինը, եթէ կը մեկնինք անկէ, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան հաստատումը պէտք է հիմնուած ըլլայ տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքի անվիճելի յարգանքին վրայ, ապա այս պարագային Հայաստանը պէտք է ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերու` վերացնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի էութեան անհամատեղելիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան, ներառեալ Սահմանադրութեան ներկայ բովանդակութեան հետ, որուն մէջ բացայայտօրէն տարածքային պահանջներ կան Ազրպէյճանին եւ որուն մէջ կ՛ըսուի, որ «Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է»: Այս հակասութիւնը պէտք է լուծուի` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ինքը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բազմիցս յայտարարած է, որ Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս», ըսած է Ամիրպեքով:

 

Նախորդը

Ընդառաջելով Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Կոչին` Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը

Յաջորդը

Էրտողան. «Ժամանակն Է Հրաժարելու Անհիմն Յիշողութիւններէն, Յոյսով Եմ Հայաստան Կ՛ազատի Այն Խաւարէն, Որուն Մէջ Զինք Ներքաշած Է Սփիւռքը

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?