Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայաստանի Իշխանութիւններէն Յստակ Արձագանգ Կ՛ակնկալենք Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Ռազմաքաղաքական Համաձայնութիւններուն Մասին»

Ապրիլ 23, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանած է շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ ժողովի ծիրին մէջ ձեռք բերուած են ռազմաքաղաքական համաձայնութիւններ:

Ան նշած է, որ նախապէս Երեւանը հրապարակաւ կը հաւաստէր, թէ Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը ուղղուած չէ երրորդ երկրի դէմ:

«Հաշուի առնելով այս ամէնը` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք յստակ արձագանգ այս տեղեկատուութեան վերաբերեալ: Միեւնոյն ժամանակ չենք զարմանար, եթէ ի յայտ գայ, որ «Պիլտինկ Արմենիա՛զ Տիֆենս անտ Սեքիւրիթի Ռեզիլիընս» կոչուող փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած ծրագիրները, որոնք կ՛ենթադրեն Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի եւ սահմանապահներու Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի մասնագէտներով փոխարինում, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի սահմանային տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի եւ Իրանի դէմ աշխատանքներու ընդլայնում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կենսական կարեւորութեան ենթակառոյցներու, ուժանիւթի համակարգի վերակողմնորոշում, ներառեալ Մեծամօրի հիւլէական կայանի կազմաքանդում,  5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումի ընթացքին Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները իսկապէս փաթթած են Երեւանին», ըսած է Զախարովա:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, պատասխանելով ազրպէյճանական «Ազերթաք» պետական գործակալութեան հարցումին, նշեց, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն պնդումը, թէ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ հանդիպումի ծիրին մէջ ռազմական բնոյթի փաստաթուղթ ստորագրուած է, «զուտ ապատեղեկատուութիւն է, օրակարգին վրայ անվտանգութեան հարցեր չեն եղած»:

 

Նախորդը

«Պաքուն Սեփական Ուժերը Ունի Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

Փեսքով. «Ազրպէյճանը Մեր Դաշնակիցն Է, Որուն Հետ Բազմաթիւ Հասարակաց Շահեր Ունինք»

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?