Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Նախքան Ըսելը, Որ ՀԱՊԿ-ն Պարտաւոր Է Նշել Իր Պատասխանատուութեան Գօտին, Պէտք Է Ճշդել Հայաստանի Սահմանները»

April 20, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան ինք տակաւին չի կրնար որոշել իր տարածքին մէջ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին: Այս մասին շարք մը ռուսական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Այս առումով Լաւրով մատնանշած է «Հայաստանի սահմանները գծելու, սահմանազատումը աւարտելու» անհրաժեշտութիւնը` նախքան ՀԱՊԿ-ի կողմէ իր պատասխանատուութեան գօտին սահմանելու մասին խօսիլը:

«Երբ կ՛ըսեն, որ ՀԱՊԿ-ն չի կրնար սահմանել Հայաստանի մէջ իր պատասխանատուութեան գօտին, պէտք է նշել, որ Հայաստանը ինքն ալ ատիկա չէ սահմանած: Անոնք յայտարարած են, որ Ազրպէյճանի հետ կը յարգեն 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի սահմանները, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ է: Զուգահեռաբար անոնք ստեղծած են սահմանազատման յանձնախումբ եւ զուգահեռաբար Փաշինեանը վերջերս յայտարարած է Տաւուշի մարզին մէջ ոչ անքլաւային գիւղերու մասին, որոնք պատրաստ է փոխանցել: Ան հիմա այդ մարզի բնակչութեան կը համոզէ, որ այլ կերպ վարուիլը սխալ պիտի ըլլայ: Իսկ 1991 թուականի սահմանները, որոնք Փաշինեանը կ՛ուզէր, որ ՀԱՊԿ-ն հաստատէր ու պաշտպանէր, հաշուի չեն առնուիր», ըսած է ան:

«Ուստի նախքան ըսելը, որ ՀԱՊԿ-ն պարտաւոր է նշել իր պատասխանատուութեան գօտին, անհրաժեշտ է ճշդել Հայաստանի սահմանները, աւարտել սահմանազատումը, ինչ որ աշխուժօրէն կ՛ընէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», աւելցուցած է ան:

Լաւրով նաեւ նշած է. «Այն յայտարարութիւնները, թէ հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկած են ռուս խաղաղապահներու անգործութեան պատճառով, սխալ են»: Ան յիշեցուցած է, որ երբ ստորագրուած է Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ճանչցող փաստաթուղթը, ատոր մէջ ոչինչ կ՛ըսուէր Ազրպէյճանի մէջ հայ ազգային փոքրամասնութեան յատուկ իրաւունքներու ապահովման անհրաժեշտութեան մասին:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ի Գիտութիւն Ընդունած Է Արցախէն Ռուսական Զօրքերու Դուրսբերման Մասին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի Բանտին Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Է

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.