Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արշիլ Կորքիի Ծննդեան 120-Ամեակին Նուիրուած «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Ակադեմիայի Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

April 6, 2024
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 6 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աւանդութիւն դարձած  միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքը:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» զրուցեց  Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ  Արշիլ Կորքի անունով ծանօթ եւ «Նկարիչը եւ մայրը» հռչակաւոր գործի հեղինակ` 20-րդ դարու հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Ոստանիկ Ադոյեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին  եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան  ու տնօրէնութեան, այս տարի եւս պիտի կայանայ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աւանդութեան վերածուած միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքը, բայց այս տարի`  նոր ճիւղաւորումներով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ:

Ան ըսաւ, որ մրցանքը պիտի կատարուի տարիքային երեք խումբերով, եւ  մասնակցող 11 վարժարաններէ 99 աշակերտները պիտի ընտրեն երեք առաջարկուած նիւթերէն մէկը: Խումբերու բաժնուելէ ետք աշակերտներուն երկու ժամ առիթ պիտի տրուի տեղւոյն վրայ գծելու, անկէ ետք աշխատանքներու արժեւորումը պիտի կատարուի  դատական կազմին կողմէ, որուն անդամներն են արուեստագէտներ` Ժագլին Օհանեան, Ժանեթ Յակոբեան, Գէորգ Ուլաշեան եւ Թոմ Եանկ: Այդ փուլէն ետք պիտի յայտարարուին արդիւնքները, եւ մրցանակակիրները նուէրներ պիտի ստանան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կողմէ, իսկ բոլոր մասնակիցներուն ալ նուէրներ պիտի տրուին «Էքս, ուայ, զետ» գրադարանին կողմէ:

Մարալ Հարպոյեան նշեց, որ Համազգայինը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում:

Նման նախաձեռնութեան մը կարեւորութեան մասին խօսելով` ան շեշտեց, որ նման մրցումներ կրնան արուեստի նկատմամբ սիրոյ սերմեր ցանել աշակերտներուն մէջ եւ առիթ ըլլալ, որ իբրեւ ասպարէզ` նկատի առնուի նաեւ այս բնագաւառը: Արդարեւ, փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ նորահաս սերունդին մէջ կերպարուեստի տաղանդը զարգացնել եւ հետաքրքրութիւնները ծաւալել կարեւոր են` անոնց դիմաց ապագայի դռները բանալու համար:

Մ. Հարպոյեան տեղեկացուց, որ նախաձեռնութեան նպատակը լիբանանահայ աշակերտները գեղանկարչութեան շուրջ համախմբելն է, անոնց մէջ առկայ տաղանդը բացայայտելու առիթ հանդիսանալը:

«Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման, հայակերտման կեդրոններ են, որոնք, արուեստի կողքին աշակերտներուն մէջ կ՛արմատաւորեն հայկական ինքնութիւնը, որպէսզի ապագային անոնք դառնան մշակութային գործիչներ, որոնք բարձրագոյն ուսումով եւ միութենական ծառայութեամբ պիտի ապահովեն աշխատանքին շարունակականութիւնը, պահպանողները ըլլան ազգային արժէքներուն:

«Մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները` «Լ. Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններով, ունին իրենց անփոխարինելի դերը: Փաստ է, որ ներկայիս եթէ սփիւռքի մէջ մենք մեզ իբրեւ ազգ պահած ենք, այդ մէկը եղած է շնորհիւ մեր մշակոյթին», եզրափակեց Մարալ Հարպոյեան:

Նախորդը

Թովմաս Առաքեալ Անհաւա՞տ Էր

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի «Յարութիւն Արսլանեան Վարչական Բաժին»-ի Անուանակոչութիւն Եւ Հանդիսաւոր Բացում

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.