Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նախընտրական Քարոզարշաւի Փուլը` Ըստ Ձեւի Եւ Ըստ Էութեան

April 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզարշաւը պաշտօնապէս սկսած է արդէն: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ համամասնական թէ մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած կուսակցութիւններն ու պատգամաւորական թեկնածուները իւրաքանչիւր օր ու ժամ լիարժէք օգտագործելու ուղղութեամբ յստակօրէն տրամադրուած են: Եւ ասիկա հասկնալի է անշուշտ, մանաւանդ նկատի ունենալով քարոզարշաւի սահմանափակ ժամանակը եւ այդ ժամանակի ընթացքին հասարակութեան համոզիչ ու հաւաստի ներկայանալու նպատակի իրականացման համար թափուող առաւելագոյն ճիգերը:

Քարոզարշաւի այս ժամանակահատուածի բովանդակային բաժինը կրնա՞յ արդեօք նախանշել բուն ընտրութեան օրուան էութիւնը, յատկապէս յայտարարուած հրապարակային յանձնառութիւններու առարկայացման առումով` ընտրական համակարգին եւ ա՛յս ընտրութիւններուն նոր որակ հաղորդելու եւ նոյնիսկ աննախընթացութիւն ապահովելու իմաստով:

Եւ անմիջապէս երկրորդ հարցը. քարոզարշաւին բերած քաղաքակիրթ բնոյթը, հանդուրժողականութիւնն ու ժողովրդավարական երկիրներուն յարիր ընտրարշաւի մշակութային նորարարութիւնը բաւարա՞ր են ընտրութիւններուն նոր որակ հաղորդելու եւ աւելի յստակ` արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ ապահովելու:

Կարեւոր փուլ է անշուշտ ընտրարշաւի հանգրուանը: Կարճ ժամանակի վրայ երկարող յետադարձ հայեացքը կրնայ նախանշել ընտրական համակարգի հետագայ հանգրուաններու եղելութիւնները: Իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութիւնները այս ընտրութիւններուն որակական յեղափոխութիւն յառաջացնելու, ամէն մարդէ առաջ իշխանութիւններունը սեպելու արդար ընտրութիւններ կազմակերպելու հրամայականը եւ եւրոպական կառոյցներու ներգրաւուածութեան եւ համարկման համապետական քաղաքականութեան իրականացման համար ընտրութիւններու կազմակերպման թէ՛ մեքենականութեան եւ թէ՛ բովանդակութեան նախանձախնդիր ըլլալու  հրապարակային ելոյթները. տակաւին` համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող ուժերու առանձին ցուցակներով ներկայանալու փաստն ու մանաւանդ այդ կուսակցութիւններու ընտրական համագումարներու կազմակերպման համար ապահովուած նոր տարողութիւններն ու ձեւերը կ՛ընդգծէին համընդհանուր մօտեցում մը` այս ընտրութիւններուն առայժմ գէթ իբրեւ ձեւ նորարարութիւններով ներկայանալու փաստերը:

Այս բոլորին զուգահեռ սակայն, 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգ որդեգրելու մերժումը` խուսափողական  ոչ հիմնաւորեալ առարկութիւններով, խորհրդարանական ընտրութիւնները անմիջականօրէն կանխած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ցուցաբերուած օրինակները, թեկնածուներու գրանցումի կամ մերժումի քաշքշուքները, հրապարակուած ընտրացուցակներու ցայտուն անճշդութիւնները. տակաւին` ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար միջկուսակցական կեդրոնի կառոյցէն իշխող կուսակցութեան խուսափումը մտածել կու տան, որ որակական յեղափոխութիւն ձեռք բերելու աշխատանքները պիտի հանդիպին արգելակիչ խոչընդոտներու:

Նախընտրական, աւելի ճիշդը նախաքուէարկական քարոզարշաւին քաղաքակիրթ էութիւն ապահովելը բազմակողմանի յանձնառութիւններ կ՛ենթադրէ անշուշտ: Քարոզարշաւը չսկսած թեկնածուի մը նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը հանգստացնող նախաբան չէ անշուշտ հետագայ դիպաշարը գնահատելու առումով: Այսուհանդերձ, ամբողջ պետութեան շահերէն կը բխի ներկայ ժամանակահատուածին փոխադարձ հանդուրժողականութեան երեւումը: Մնացեալը հաւաստի դառնալու խնդիր է. եւ խորքին մէջ չորս շաբթուան ժամանակամիջոցը իրականացուած-չիրականացուածի առարկայական հանրագումարի ներկայացումն է եւ ոչ թէ խոստումներու տեղատարափը: Խոստումներու բարձրաձայնումը, մանաւանդ չափի հասկացողութեան կորուստով, կրնայ հարուածել նոյնինքն հաւաստիութիւնը:

Առանց իրագործման միջոցներու համոզիչ նշումներուն, առանց  դժուարութիւններու յաղթահարման համար ճիշդ ուղիները տեսանելի դարձնող խոստումները, առանց ապացուցուած գործի, ընտրազանգուածը չյարգելու համազօր արարքի կրնան վերածուիլ, ժամանակաւոր հրապարակային ընտրակաշառքի ազդեցութիւն կը գործեն եւ որեւէ կերպով չեն նպաստեր տեղեկացուած քաղաքացիի կազմաւորման առաջադրանքներու իրականացման:

Կարեւոր փուլ է նախընտրական քարոզարշաւը: Անիկա ըստ ձեւի քաղաքակիրթ բնոյթ կրելով հանդերձ պէտք է ըստ բովանդակութեան ծառայէ նաեւ ընտրազանգուածի յարգումին եւ տեղեկացուած քաղաքացիի ձեւաւորման առաջադրանքին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Ահաւասիկ Այդ 100 Հազար Հայէն Մէկը

Յաջորդը

Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Գոռ Մալեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.