Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը նախանցեալ օր որդեգրեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակի մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու նախագիծը: Որոշումը որդեգրուեցաւ 57 թեր եւ 27 ձեռնպահ քուէներով:
Պաքուն չ՛աջակցիր Երեւանի` Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան հրաւէրին, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
«Հարցը այն է, որ ի՞նչ կը դիտարկեն եւ արդեօք Ազրպէյճանը կը ճանչնա՞յ այդ առաքելութիւնը: Եթէ ճիշդ կը հասկնանք, ազրպէյճանական կողմը շատ բացասական կը վերաբերի այդ առաքելութեան գործառոյթներուն, եւ ես կը կասկածիմ, որ այնտեղ ըմբռնումով պիտի մօտենան նման լիազօրութեան», ըսած է Փեսքով: Անոր համաձայն, «ասիկա Երեւանի միակողմանի որոշումն է»:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի որոշումով` մնայուն հիմքով Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս տեղակայուած է 20 փետրուար 2023-ին: Մինչ այդ, հոկտեմբեր 2022-էն առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ էր ժամանակաւորապէս:
Ըստ համաձայնագիրի, դէտերու կարգավիճակը մօտ է դիւանագէտի կարգավիճակին այն իմաստով, որ անոնք եւ անոնց ծառայողական գոյքը (մեքենաներ, թեքնիք սարքեր եւ այլն) ենթակայ չեն մաքսային զննման եւ Հայաստանի մէջ արձանագրուելու ընդունուած ընթացակարգերուն:
Դէտերը պիտի օգտուին իրաւական անձեռնմխելիութենէ` իրենց դիտորդական գործառոյթներու կատարման առումով: Այն շէնքերը, ուր առաքելութիւնը կը գտնուի, անձեռնմխելիութեան կարգավիճակ պիտի ունենան եւ խուզարկութեան ենթակայ պիտի չըլլան: Առաքելութեան նամակագրութիւնն ու արխիւները նոյնպէս անձեռնմխելի պիտի ըլլան:
Համաձայն վերոնշեալ նախագիծին, Եւրոպական Միութիւնը իրաւունք ունի Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ երկիրները մասնակից դարձնել Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան:
Ներկայիս Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ առաքելութիւն կատարող դէտերուն թիւը 209 է: Նախապէս այդ թիւը 138 էր: