Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-ի «Ամերիքըն Քափ» ճատրակի մրցաշարքը:
Աւարտական մրցումին, Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ դասուած էր այս մրցաշարքին, կրցաւ յաղթել Ռէյ Ռոպսընին, 2-0 արդիւնքով:
Կիսաւարտականին Արոնեան դուրս ձգած էր թիւ 1 դասուած Ֆապիանօ Քարուանան, մինչ Ռոպսըն (6-րդ) դուրս ձգած էր Ուեզլի Սոն (թիւ 2):
Լեւոն Արոնեանի քառորդ աւարտականի մրցակիցն էր այլ հայ մը` Սամուէլ Սեւեան (թիւ 5):


