Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ի՞նչ է ալտոսթերոնի (ALD) քննութիւնը
Ալտոսթերոնի քննութիւնը ձեր արեան կամ մէզին մէջ կը չափէ ալտոսթերոնի (ALD) քանակը: Ալտոսթերոնը հորմոն մըն է, որ կ՛արտադրուի ձեր մակերիկամային գեղձերու կողմէ (adrenal glands)` այն երկու փոքր գեղձերը, որոնք կը գտնուին ձեր երիկամներուն վրայ: Ալտոսթերոնը կ՛օգնէ ձեր արեան ճնշումը կայուն պահելու: Գեղձերը այս մէկը կ՛ընեն` նպաստելով արեան մէջ երկու ելեկտրալոյծերու` նատրիոմի (Na) եւ կալիոմի (K) մակարդակներու (electrolyte) հաւասարակշռմամբ:
Երբ արեան ճնշումը շատ ցած ըլլայ, ալտոսթերոնը ազդանշան կ՛ուղարկէ երիկամներուն` արեան մէջ աւելի շատ նատրիոմ արտազատելու եւ մէզի միջոցով կալիոմէն ազատուելու համար: Սա կ՛օգնէ աւելի շատ ջուր պահելու արեան մէջ, եւ այդ պատճառով արեան ճնշումը կը բարձրանայ: Երբ արեան ճնշումը վերադառնայ բնականոն թիւերուն, ալտոսթերոնի մակարդակը կը նուազի:
Ալտոսթերոնի անբնական մակարդակները կրնան յառաջացնել առողջական լուրջ պարագաներ, որոնց կարգին`
Ա.- Արեան գերճնշում,
Բ.- Արեան ցած ճնշում,
Գ.- Նատրիոմի եւ կալիոմի անբնական մակարդակներու հետ կապուած բարդութիւններ, որոնք կրնան ազդել ձեր սրտին, երիկամներուն եւ մարմնի այլ մասերուն վրայ:
Ալտոսթերոնի քննութիւնը կրնայ կատարուիլ այլ քննութիւններու հետ միասին` նպաստելով մակերիկամային գեղձի խանգարումներու ճշգրիտ ախտորոշման: Այդ մէկը նաեւ կ՛օգնէ պարզելու բժշկական այլ պայմաններու ազդեցութիւնը մակերիկամային գեղձերու աշխատանքին վրայ:
Ալտոսթերոնի քննութիւնը սովորաբար կը համակցուի արեան ռենինի քննութեան: Այս մէկը կը կոչուի ալտոսթերոն-ռենին յարաբերակցութեան քննութիւն: Ռենինը հորմոն մըն է, զոր կ՛արտադրեն ձեր երիկամները, երբ արեան ճնշումը շատ ցած ըլլայ: Անիկա բարդ համակարգի մը մէկ մասն է, որ ձեր մակերիկամային գեղձերուն կը ստիպէ ալտոսթերոն արտադրել:
Ռենինի եւ ալտոսթերոնի մակարդակներու համեմատութիւնը կ՛օգնէ ցոյց տալու, թէ արդեօ՞ք ալտոսթերոնի անբնական մակարդակները պայմանաւորուած են ձեր մակերիկամային գեղձերու, երիկամներու կամ համակարգի այլ մասերու հետ կապուած խնդիրներով, որոնք կրնան հրահրել ալտոսթերոնի արտադրութիւնը:
Ինչո՞ւ այս քննութիւնը կը կատարուի
Ալտոսթերոնի (ALD) քննութիւնը հիմնականօրէն կ՛օգտագործուի ռենինի քննութեան հետ` պարզելու, թէ արդեօ՞ք չափէն աւելի ալտոսթերոնի առկայութեան հետեւանք է արեան գերճնշումը, որ հետեւեալներէն մէկուն առկայութեամբ կը պատահի.
Ա.- Կալիոմի ցած մակարդակ,
Բ.- Չի բարելաւուիր արեան գերճնշման սովորական դեղերով,
Գ.- Կը զարգանայ երիտասարդ տարիքին:
Ալտոսթերոնի քննութիւնը նոյնպէս կ՛օգտագործուի օգնելու`
Ա.- Ախտորոշելու մակերիկամային գեղձերու խանգարումները,
Բ.- Գտնելու նատրիոմի կամ կալիոմի անբնական մակարդակներու պատճառը,
Գ.- Գտնելու կանգման կայուն գերճնշման (orthostatic hypertension) պատճառը (արեան ցած ճնշումի պարագայ, որ ձեզի գլխապտոյտ կը պատճառէ, երբ ոտքի կենաք նստած կամ պառկած դիրքէ):
Ինչո՞ւ մեզի պէտք է ալտոսթերոնի քննութիւնը
Այս քննութիւնը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ, եթէ բուժաշխատողը կարծէ, որ չափազանց շատ կամ շատ քիչ ալտոսթերոն (ALD) ունիք:
Չափէն աւելի ալտոսթերոնի (կը կոչուի նաեւ ալտոսթերոնիզմ) նշաններն ու ախտանիշները կը ներառեն`
Ա.- Արեան գերճնշում,
Բ.- Կալիոմի ցած մակարդակներ եւ/կամ նատրիոմի բարձր արդիւնքներ,
Գ.- Մկանային թուլութիւն, ջղաձգութիւն եւ/կամ պրկումներ,
Դ.- Յոգնածութիւն,
Ե.- Գլխացաւ,
Զ.- Սրտի անկարգութիւններ (սրտի զարկերու յաճախականութեան կամ կշռոյթի հետ կապուած խնդիր),
Է.- Ծարաւի զգացումի եւ միզելու յարակրկնութիւն:
Շատ քիչ ալտոսթերոնի (hypoaldosteronism) նշաններն ու ախտանիշները կը ներառեն`
Ա.- Արեան ցած ճնշում,
Բ.- Քննութեան արդիւնքներ, որոնք ցոյց կու տան կալիոմի բարձր եւ/կամ նատրիոմի ցած մակարդակ,
Գ.- Յոգնածութիւն,
Դ.- Մկանային թուլութիւն,
Ե.- Ախորժակի կորուստ,
Զ.- Ծանրութեան կորուստ,
Է.- Որովայնի ցաւ:
Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ալտոսթերոնի քննութեան ժամանակ
Ալտոսթերոնի քննութիւնը կ՛օգտագործէ արեան կամ մէզի նմուշ: Այն քննութիւնը, որ կը համեմատէ ձեր ալտոսթերոնի եւ ռենինի մակարդակները, կ՛օգտագործէ արեան նմուշ:
Արեան հետազօտութեան ժամանակ առողջապահական մասնագէտը ձեր ձեռքի երակէն արեան նմուշ մը կ՛առնէ` օգտագործելով փոքրիկ ասեղ մը: Ասեղը դնելէ ետք, ան փոքր քանակութեամբ արիւն կը հաւաքէ փորձանօթի կամ սրուակի մէջ: Այս պարագային կրնաք խայթոց մը զգալ, երբ ասեղը կը մտնէ կամ դուրս կու գայ:
Արեան մէջ ալտոսթերոնի քանակը կախում ունի նաեւ եթէ անձը կանգնած է, կամ` պառկած: Այսպիսով, փորձարկումէ առաջ ձեզմէ կրնան խնդրել պառկիլ կամ կանգնիլ որոշ ժամանակ մը: Երկու պարագաներն ալ կարելի են ճշգրիտ արդիւնքներ ստանալու համար:
Ալտոսթերոնի մէզի քննութեան համար մասնագէտը կրնայ խնդրել ձեզմէ հաւաքել ձեր ամբողջ մէզի քանակը 24 ժամուան ընթացքին: Այս քննութեան համար, կը տրամադրուին յատուկ անօթներ` մէզը հաւաքելու համար, եւ կը տրուին մասնայատուկ թելադրանքներ` նմուշը հաւաքելու եւ պահելու մասին: Ձեր մատակարարը ձեզի կ՛ըսէ, թէ ո՛ր ժամուն պէտք է սկսիլ:
Քննութիւնը սովորաբար կը ներառէ հետեւեալ քայլերը.
Ա.- Միզել զուգարանին մէջ, ինչպէս միշտ: Այս առաջին մէզը պէտք չէ հաւաքել, այլ պարզապէս` գրել ժամանակը անոր:
Բ.- Յաջորդող 24 ժամուան ընթացքին ամբողջ մէզը պէտք է հաւաքել ձեզի տրուած անօթին մէջ:
Գ.- Հաւաքման ժամանակաշրջանին մէզի անօթը պէտք է պահել սառնարանին մէջ:
Դ.- Քննութիւնը սկսելէ 24 ժամ ետք, եթէ կրնաք, փորձեցէք միզել: Սա քննութեան համար մէզի վերջին հաւաքումն է:
Ե.- Վերադարձուցէք անօթը տարրալուծարան կամ ձեզմէ պահանջող բուժաշխատողին:
Պէ՞տք է արդեօք բան մը ընել նախքան քննութիւնը կատարելը
Հետեւեցէք բուժաշխատողին կողմէ ձեզի տրուած հրահանգներուն: Թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ դադրեցնել որոշակի դեղերու գործածութիւնը որոշ ժամանակով` նախքան քննութիւնը կատարելը: Ուստի վստահ եղէք, որ անոր ամէն ինչ ըսած էք ձեր առած դեղերուն մասին: Բայց մի՛ դադրեցնէք որեւէ դեղի գործածութիւնը, եթէ բուժաշխատողը չէ ըսած ձեզի այդ մէկը:
Ձեզմէ թերեւս նաեւ պահանջուի սահմանափակել ձեր առօրեայ կերած աղի քանակութիւնը քննութենէն մօտ երկու շաբաթ առաջ:
Քննութենէն առնուազն երկու շաբաթ առաջ պէտք չէ սեւ մատուտակ (black licorice) ուտել, որովհետեւ անիկա կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ձեր արդիւնքներուն վրայ:
Այս քննութիւնը վտանգներ ունի՞
Արեան քննութիւնը կատարելու վտանգը չնչին է: Կրնաք թեթեւ ցաւ կամ կապտուկ զգալ այն տեղը, ուր ասեղը դրուած էր, բայց ախտանիշներուն մեծամասնութիւնը շուտով կ՛անհետանայ:
Ի՞նչ կը նշանակեն արդիւնքները
Հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակեն ձեր քննութեան արդիւնքները, բուժաշխատողը կը բաղդատէ ձեր ալտոսթերոնի (ALD) մակարդակը այլ քննութիւններու արդիւնքներու հետ մէկտեղ:
Ընդհանուր առմամբ, ալտոսթերոնի բնականէն բարձր քանակութիւնը կրնայ նշանակել, որ դուք ունիք հետեւեալ պարագաներէն մէկը.
Առաջնային ալտոստերոնիզմ.- (նաեւ կը կոչուի Conn syndrome): Այս խանգարումը սովորաբար կը յառաջանայ մակերիկամային գեղձի բարորակ (ոչ քաղցկեղային) ուռուցքի պատճառով: Վերջինիս պատճառով գեղձերը յաւելեալ ալտոսթերոն կ՛արտադրեն:
Երկրորդային ալտոսթերոնիզմ.– Ասիկա կը նշանակէ, որ ձեր մակերիկամային գեղձերը առողջ են, բայց մէկ այլ առողջական վիճակի պատճառ կը հանդիսանայ անոնց աւելցուկային ալտոսթերոնի արտադրութիւնը: Ալտոսթերոնի բարձր մակարդակներ յառաջացնող պարագաներէն են`
Ա.- Երիկամային հիւանդութիւն,
Բ.- Լերդակարծրութիւն (liver cirrhosis),
Գ.- Սրտի անբաւարարութիւններ,
Դ.- Preeclampsia (արեան գերճնշման տեսակ, որ տեղի կ՛ունենայ յղութեան շրջանին),
Ե.- Ջրազրկում:
Ընդհանուր առմամբ, ալտոսթերոնի բնականէ ցած քանակութիւնը կրնայ նշանակել, որ դուք ունիք հետեւեալ պարագաներէն մէկը.
Ա.- Ատիսոնի հիւանդութիւն (նաեւ կը կոչուի մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն): Այս պարագային ձեր մակերիկամային գեղձերու վնասուածքի պատճառով անոնք կ՛արտադրեն քիչ քանակութեամբ ալտոսթերոն: Վնասուածքը կրնայ ըլլալ հետեւեալներէն մէկուն պատճառով.
- Դիմադրողական համակարգի խանգարում (ամէնէն տարածուած պատճառը),
- Որոշակի վարակներ,
- Քաղցկեղային բջիջներ մակերիկամային գեղձերու մէջ:
Բ.- Մակերիկամային գեղձի բնածին մակակազմութիւն [Congenital Adrenal Hyperplasia (CAH)]: Այս մէկը ծինային խանգարումներու հաւաքածոյ մըն է, որոնք ի ծնէ գոյութիւն ունին:
Գ.- Երկրորդային մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն: Այս պարագան կը յայտնուի մակուղեղի (pituitary) մէջ հարցեր ըլլալու պարագային: Մակուղեղը ուղեղին յատակը գտնուող այն գեղձն է, որ կը վերահսկէ ձեր մակերիկամային գեղձերը:
Դ.- Երրորդային մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն: Այս պարագային ալտոսթերոնի ցած մակարդակները պայմանաւորուած են ենթաթմբիկի (hypothalamus) խնդիրով մը: Վերջինս այն գեղձն է, որ ձեր մակուղեղին կ՛ուղղէ մակերիկամներուն ազդանշան տալու` հորմոններ արտադրելու համար:
Ամէնէն տարածուած պատճառը սթերոյիտ դեղերու անսպասելի դադրեցումն է զանոնք երկար ժամանակ գործածելէ ետք: Սթերոյիտները կրնան յառաջացնել հորմոնային փոփոխութիւններ, որոնք կը ստիպեն ձեր մակերիկամային գեղձերու աշխատանքը դադրեցնելու: Երբ դադրեցնէք սթերոյիտներու գործածութիւնը, ձեր մակերիկամները կրնան դանդաղ աշխատիլ:
Ալտոսթերոնի ցած մակարդակները կրնան նաեւ կախում ունենալ`
– Առողջական որոշ այլ պայմաններէ, ինչպիսիք են` շաքարախտը եւ կապարի թունաւորումը:
– Որոշ դեղատեսակներէ, ներառեալ` ոչ սթերոիտային հակաբորբոքային դեղերը (NSAIDs), ինչպիսիք են` իպուփրոֆենը, կամ սրտի անբաւարարութեան որոշ դեղատեսակներ:
Արեան ֆերիթինի քննութիւն
Ի՞նչ է արեան ֆերիթինի քննութիւնը
Արեան ֆերիթինի քննութեամբ կը չափենք արեան մէջ ֆերիթինի մակարդակը: Ֆերիթինը սպիտակուց մըն է, որ երկաթ կ՛ամբարէ բջիջներու մէջ: Երկաթը անհրաժեշտ է արեան առողջ կարմիր գնդիկներ ստեղծելու համար: Արեան կարմիր գնդիկները թթուածին կը տեղափոխեն ձեր թոքերէն մարմնի մնացած մասեր: Երկաթը նաեւ կարեւոր է առողջ մկաններու, ոսկրածուծի եւ օրկաններու, ներառեալ երեխաներու ուղեղի բնականոն զարգացման համար:
Ձեր մարմնին մէջ շատ քիչ կամ չափազանց շատ երկաթ ըլլալը կրնայ առողջական լուրջ խնդիրներ յառաջացնել, եթէ բնական իր մակարդակին չդառնայ: Արեան ֆերիթինի քննութիւնը կրնայ ցոյց տալ, թէ որքան երկաթ կուտակած էք ձեր մարմնին մէջ:
Ինչո՞ւ այս քննութիւնը կը կատարենք
Ֆերիթինի արեան քննութիւնը կ՛օգտագործուի երկաթի մակարդակը ստուգելու համար: Ան կրնայ օգնել ձեր բուժաշխատողին` պարզելու, թէ արդեօ՞ք ձեր մարմինը կը պահպանէ ճիշդ քանակութեամբ երկաթ` առողջ մնալու համար:
Քննութիւնը նաեւ կ՛օգտագործուի հետեւեալներէն մէկը կատարելու կամ ախտաճանաչելու համար.
Ա.- Օգնել ախտորոշելու կամ բացառելու երկաթի մակարդակի հետ կապուած խնդիրները, որոնց կարգին են`
– Hemochromatosis. ձեր մարմնին մէջ չափազանց շատ երկաթի առկայութեան պարագան (նաեւ կը կոչուի երկաթի գերբեռնուածութիւն):
– Երկաթի պակասի արիւնատութիւն (anemia): Պարագայ մը, երբ անհատը կարմիր արեան գնդիկներու շատ քիչ քանակ կ՛ունենայ երկաթի պակաս ունենալու պատճառով:
– Լեարդի հիւանդութիւններ (ձեր մարմնին մէջ ֆերիթինի մեծ մասը կը պահուի ձեր լեարդին մէջ):
– Անհանգիստ ոտքերու համախտանիշ (restless leg syndrome), ոտքերու թմրութեան կամ այրուածքի զգացում, որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ երկաթի պակասով:
Բ.- Հետեւելու կարգավիճակին երկարատեւ հիւանդութիւններու, որոնք կրնան ազդել ձեր երկաթի մակարդակին վրայ (օրինակ` քաղցկեղը, երիկամներու հիւանդութիւնը եւ այլն…):
Եթէ դուք բուժում կը ստանաք երկաթի հետ կապուած խնդիրներու համար, ապա քննութիւնը կրնայ օգտագործուիլ` ստուգելու, թէ որքանո՛վ արդիւնաւէտ է բուժումը:
Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է ֆերիթինի արեան քննութիւնը
Այս մէկը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ երկաթի չափազանց ցած կամ բարձր մակարդակներ յայտնուելու պարագային:
Երկաթի չափազանց ցած մակարդակի ախտանիշներէն են`
- Շնչահեղձութիւն,
- Թուլութիւն կամ յոգնածութիւն,
- Գլխապտոյտ,
- Առիթմիա (ձեր սրտի զարկերու յաճախականութեան կամ ռիթմի հետ կապուած խնդիր):
Երկաթի չափազանց բարձր մակարդակի ախտանիշները կրնան տարբեր ըլլալ եւ ժամանակի ընթացքին աւելի վատթարանալ: Ախտանիշները կրնան ըլլալ հետեւեալներէն մէկը կամ աւելին.
- Թուլութիւն կամ յոգնածութիւն,
- Համատեղ ցաւ` սովորաբար ծունկերու կամ ձեռքերու մէջ,
- Սեռային հետաքրքրութեան կորուստ,
- Որովայնի ցաւ,
- Փոփոխութիւն մաշկի գոյնի, որ կրնայ մոխրագոյն, կամ պրոնզագոյն տեսք ունենալ:
Այս քննութիւնը նաեւ կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ, եթէ արեան այլ քննութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ դուք ունիք հեմաթոքրիթի կամ հեմոկլոպինի ցած մակարդակ:
Պէ՞տք է արդեօք որեւէ մէկ բան ընել քննութեան պատրաստուելու համար
Ձեր բուժաշխատողը կրնայ խնդրել ձեզմէ ծոմ պահել (չուտել կամ խմել) ձեր հետազօտութենէն 12 ժամ առաջ: Քննութիւնը սովորաբար կը կատարուի առաւօտեան: Եթէ հարցումներ ունիք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուիլ քննութեան, խօսեցէք ձեր բուժաշխատողին հետ:
Կա՞ն քննութեան հետ կապուած վտանգներ
Արեան քննութիւն կատարելու վտանգը շատ քիչ է: Կրնաք ունենալ թեթեւ ցաւ կամ կապտուկ այն տեղը, ուր դրուած էր ասեղը, բայց ախտանիշներու մեծ մասը արագ կ՛անհետանայ:
Բնականէն ցած ֆերիթինի մակարդակը կրնայ նշանակել, որ դուք երկաթի պակասի արիւնատութիւն ունիք, կամ` այլ պարագայ մը, որ կապուած է երկաթի ցած մակարդակի հետ: Երկաթի պակասի արիւնատութիւնը տարածուած տեսակ մըն է, որուն պարագային ձեր մարմինը բաւարար քանակութեամբ կարմիր արեան գնդիկներ չ՛արտադրեր: Չբուժուելու պարագային, կրնան յառաջանալ սրտի խնդիրներ, վարակներ, երեխաներու մօտ դանդաղ աճ ու ուղեղի զարգացում եւ առողջական այլ խնդիրներ:
Բնականէն բարձր ֆերիթինի մակարդակը կրնայ նշանակել, որ ձեր մարմնին մէջ չափազանց շատ երկաթ կայ: Պայմանները, որոնք կը յառաջացնեն երկաթի մակարդակի բարձրացում, կը ներառեն`
- Լեարդի հիւանդութիւն,
- Ալքոլի գերսպառում,
- Hemochromatosis,
- Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism):
Եթէ ձեր ֆերիթինի արդիւնքները բնական չեն, միշտ չէ, որ կը նշանակէ, թէ այդ մէկը բժշկական պարագայ մըն է, որ բուժման կարիք ունի: Որոշ դեղատեսակներ կրնան նուազեցնել կամ բարձրացնել ձեր ֆերիթինի մակարդակը: Եթէ ձեր արդիւնքներու վերաբերեալ հարցումներ ունիք, խօսեցէք ձեր բուժաշխատողին հետ:
Աղբիւր` medlineplus.gov

