«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 126-107 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, վերջինիս յոյսը կտրեց հասնելու փլէյ օֆին:
Արդարեւ, Արեւմտեան շրջանէն Փորթլընտ եղաւ երկրորդ խումբը, որ յոյս չունի հասնելու փլէյ օֆ, նոյնիսկ եթէ մնացեալ 15 մրցումներն ալ յաղթէ: Սան Անթոնիօ Սփըրզ արդէն իսկ յոյս չունէր եւ կը գրաւէ 15-րդ եւ վերջին դիրքը:
Աւելի վատ արդիւնքներ արձանագրած Տիթրոյիթ Փիսթընզ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ Արեւելեան շրջանի վերջին երկու դիրքերը կը գրաւեն եւ յոյս չունին հասնելու փլէյ-օֆ:
Սի. Ճէյ. Մաքոլըմ 30 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Նիւ Օրլինզի, մինչ Տալանօ Պենթըն 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փորթլընտի:
Արեւմտեան շրջանին փլէյ օֆի հասնելու պայքարող երկու խումբեր` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իրար դէմ մրցեցան, Լոս Անճելըսի մէջ, ուր 3 մրցում բացակայելէ ետք, Սթեֆըն Քըրրի, որ անցեալ հինգշաբթի 36 տարեկան դարձաւ, 31 կէտ նշանակեց իր խումբը` Կոլտըն Սթէյթը առաջնորդելով յաղթանակի, 128-121 արդիւնքով: Լըպրոն Ճէյմս 40 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ կատարեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ Անթոնիօ Տէյվիսի վիրաւորուելէն ետք է, որ ետ մնաց:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 119-100 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի դաշտին վրայ: Անթոնի Էտուըրտծ 31 կէտ, 10 ռիպաունտ, 5 էսիսթ, 3 սթիլ եւ 3 պլոք կատարեց:
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ 95-108
Չարլոթ Հորնեթց – Ֆինիքս Սանզ 96-107
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 103-113
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 112-104
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տենվըր Նակեթց 106-117
Եութա Ճեզ – Աթլանթա Հոքս 124-122
ԵՐԷԿ
Հիւսթըն Ռոքեթց – Քլիվլընտ Քեւելիրզ 117-103
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 126-107
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 109-98
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պրուքլին Նեթց 121-100
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 112-118
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 127-98
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 121-128
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 100-119
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Եորք Նիքս 91-98


