ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Գէորգ Փօլատեան
Տէր եւ տիկին Արէն Փօլատեան եւ Ռիթա Զէյթունեան
Տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Նանոր Սապունճեան եւ զաւակները` Տարօն եւ Լոռի
Հանգուցեալ Արամ Քիլէճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Վահէ Քիլէճեանի ընտանիք
Տիկին Մարի Մինասեան եւ զաւակունք
Փօլատեան եւ Քիլէճեան ընտանիքներ
Մինասեան եւ Չալեան ընտանիքներ
Մալիքեան եւ Մաղաքեան ընտանիքներ
Տէր Պետրոսեան եւ Զէյթունեան ընտանիքներ
Սապունճեան եւ Փոսիկեան ընտանիքներ
Աչուքեան եւ Ալլըքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ԿԱՐԱՊԵՏ ՓՕԼԱՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԻԼԷՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 մարտ 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 15 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ կամ ԼՕԽ-ն «Վ. Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ» ծրագիրին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼԵՆԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆի (ծնեալ` ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով յիշատակի պաշտամունք պիտի կատարուի կիրակի, 17 մարտ 2024-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐ»
ԶԱՔԱՐ ԵՕԼԵԱՆ
Կազմողներ` ԱՂԱՍԻ ԱԶԻԶԵԱՆ եւ ԱՇՈՏ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Գրախօս` ԱՐԱՐԱՏ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Լուսակն» հրատարակչատուն
Երեւան, 2023
—————————————
ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի`
- Վկայեալ ընկերային ծառայողի մը.
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց տուեալները ուղարկել հետեւեալ հասցէին` [email protected]
—————————————
ՔԱՀԼ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
«Պուլատեան» հաստատութեան պաշտօնեաները ողբացեալ Անահիտ Պուլատեանի մահուան յիշատակին կը նուիրեն 7.500.000 լ. ո.:


