Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թասմաղամպեթով. «Յոյս Կը Դնենք Հայաստանի Ղեկավարութեան Քաղաքական Սթափութեան Եւ ՀԱՊԿ-ին Առնչուած Հաւասարակշռուած Գնահատականի Վրայ»

March 13, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը կը վերլուծէ Հայաստանի շուրջ եւ կազմակերպութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ կացութիւնը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով: Ան այսպէս պատասխանած է այն հարցումին, թէ արդեօք ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնն ու անձամբ ընդհանուր քարտուղարը Հայաստանի կողմէ կազմակերպութեան անդամակցութեան դադրեցում կը սպասե՞ն:

«Թէ՛ ես, թէ՛ քարտուղարութիւնը կ՛աշխատինք կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած կանոնակարգերուն եւ ընթացակարգերուն խստօրէն համապատասխան: Մենք, ի հարկէ, մեր վերլուծաբաններուն եւ անոնց հասանելի գործիքներու օգնութեամբ կը վերլուծենք Հայաստանի շուրջ եւ կազմակերպութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ կացութիւնը: Չեմ թաքցներ, որ հայաստանեան վերնախաւի շրջանակին մէջ որոշ իրադարձութիւններ եւ տրամադրութիւններ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Սակայն մենք յոյսը կը դնենք Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան քաղաքական սթափութեան եւ կազմակերպութեան առնչուած տարբեր բեմագրութիւններու իրականացման հեռանկարներու հաւասարակշռուած գնահատականի վրայ: Ընդգծեմ, որ Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, գործող բոլոր պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ», ըսած է ընդհանուր քարտուղարը:

«Երեւանը իսկապէս վերջերս չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատանքներուն: Ասիկա Հայաստանի որոշումն է այս փուլին, եւ մենք` իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, կը յարգենք գերիշխան պետութեան որեւէ որոշում: Բայց եւ այնպէս, կազմակերպութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի ամբողջ ծաւալով, բոլոր ընթացակարգերը կը պահպանուին ՀԱՊԿ-ի կանոնակարգային դաշտին ամբողջութեամբ համապատասխան:

«Քարտուղարութիւնը պարբերաբար Երեւանի համապատասխան կառոյցներուն կը տեղեկացնէ որդեգրուած եւ որդեգրուող որոշումներուն մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձերու նշուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ նշեմ, որ Երեւանէն քարտուղարութիւնը կազմակերպութեան անդամակցութիւնը կասեցնելու վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւններ չէ ստացած», ըսած է Թասմաղամպեթով:

Նախորդը

Թոքայեւ Ալիեւի Հետ Այցելած Է Բռնագրաւուած Շուշի

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուսիան Հայաստանէն «Զուարթնոց»-ի Մէջ Ռուս Սահմանապահներու Աշխատանքը Դադրեցնելու Մասին Գերատեսչական Ծանուցում Ստացած Է»

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.